2017-12-13 09:29:00

Արամ Ա. «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով կը պարգեւատրէ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահը


Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը:

Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ նախագահին միջեւ` ներկայութեամբ Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար Հրայր Սարգիսեանի եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայութեան, Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութեան, հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:

Ապա` նախագահն ու վեհափառ հայրապետը ուղղուեցան դէպի նախագահական ապարանքին կից գտնուող հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային երեկոյ` ներկայութեամբ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահին, Կիպրոսի մէջ զանազան երկիրներու դեսպաններու, երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 500 կիպրահայերու:

Մշակութային ձեռնարկէն առաջ, յաջորդաբար խօսք առաւ փոքրամասնութեանց նախարարը, որ նախագահին անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը, պաշտօնական հիւրերը եւ Կիպրոսի հայ համայնքը: Խօսք առաւ նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, որ կիպրահայութեան անունով երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Կիպրոսի կառավարութեան, համայնքի բոլոր կարիքներուն մատակարարման համար, այսպէս` ամրապնդելով եւ ապահովելով հայկական հարուստ մշակոյթի, լեզուի եւ կրօնական ինքնութեան պահպանումը:

Վերջապէս, խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի Բառնաբաս առաքեալին կողմէ քրիստոնէութեան հունտը ցանուած Կիպրոսի օրհնեալ հողին վրայ: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Կիպրոսի կարեւոր դերին` Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, յատկապէս տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան` Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակներէն սկսեալ, ինչ որ այսօր եւս կը շարունակուի` շրջանային ու միջազգային հարցերու նկատմամբ որդեգրուած միացեալ կեցուածքներու ու մօտեցումներու ճամբով: Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի, մանաւանդ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած խնդիրներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «կը մերժենք բռնատիրական միջոցներով ու զէնքի ուժով կացութիւններ պարտադրելու մօտեցումները եւ անարդար գրաւումներու օրինականացումը, ինչպէս` թրքական բանակին կողմէ Կիպրոսի գրաւումը եւ Երուսաղէմի հռչակումը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք»: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Կիպրոսի նախագահին ու կառավարութեան ցուցաբերած հոգածութեան եւ իբրեւ իր սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, նախագահը պարգեւատրեց «Կիլիկիեան իշխան»-ի շքանշանով:

 

Շքանշանը ստանալէ ետք խօսք առաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, որ  շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին համար: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ համայնքի զաւակներուն` զանոնք նկատելով պարկեշտ ու աշխատասէր անդամները Կիպրոսի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ կիպրահայերուն մասնակցութիւնը Կիպրոսի յառաջդիմութեան եւ զարգացման աշխատանքներուն:

 

Արտասանուած խօսքերէն ետք, կիպրահայ գաղութի մայր եկեղեցին ու զանազան կազմակերպութիւնները ներկայացնող երգչախումբեր ու պարախումբեր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին ներկաներուն` գեղեցկօրէն պարզելով մեր մշակութային արժէքները: Անոնք արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:

Նախագահական ապարանքէն վեհափառ հայրապետը ուղղուեցաւ պատրիարքարան, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոսթոմոս Բ. արքեպիսկոպոսին կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդը, պետական ներկայացուցիչը, վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի թեմի Ազգային վարչութեան ու Երեսփոխանական ժողովին ատենապետները: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Երուսաղէմի հարցը եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.