2017-12-13 09:26:00

«Լաւ երկիրներ»ու ցանկին վրայ Հայաստան 75րդն է


Իր քաղաքականութեամբ եւ կեցուածքով մարդկութեան օգուտ տուող երկիրը՝ «լաւ երկիր» է: Կան երկիրներ, որոնք բեռ են մարդկութեան համար, եւ կան երկիրներ, որոնք ցանկին վրայ գրաւած են միջին հորիզոնականները:

163 երկիր ներառնող հետազօտութեան արդիւնքով Հայաստան գրաւած է 75րդ տեղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը:

«Լաւ երկիր» (Good Country) եզրը հեղինակած է East Anglia բրիտանական համալսարանի պատուաւոր փրոֆեսէօր Սայմըն Անհոլթը, որ անցեալ երկու տասնամեակներուն համագործակցած է աւելի քան 50 պետութիւններու նախագահներու եւ վարչապետներու հետ, այցելած է բազմաթիւ քաղաքներ, շրջաններ եւ գաւառներ:

Այդ քսան տարիներու աշխատանքին իբրեւ արդիւնք ծնած է «Լաւ երկիր»ի ցուցակ կազմելու գաղափարը: Մարդկութեան կեանքին մէջ առանձին երկիրներու դերին մասին հինգ գիրքերու հեղինակ Անհոլթ՝ իր գործընկերներուն հետ, 2005էն սկսեալ կը հաշուարկէ «Լաւ երկիր»ի ցուցանիշները:

Նշենք, որ ցուցակը հաշուի չ՛առներ տուեալ երկրի մը ներքին քաղաքականութիւնը, որովհետեւ վերլուծական կեդրոնները ամէն տարի այդ նիւթով կը հրապարակեն բազմաթիւ մանրամասն զեկոյցներ:

Ցուցակը հաշուարկելու համար փորձագէտները կ՛օգտագործեն 35 հետազօտութիւններու տուեալները, որոնց մեծ մասը կը տրամադրէ ՄԱԿը:

Մասնագէտները այդ տուեալները կը տեղաւորեն ըստ եօթը հիմնական բնագաւառի՝ գիտութիւն եւ ճարտարագիտութիւն, մշակոյթ, միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, աշխարհակարգ, մոլորակ եւ կլիմայ, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն:

Օրինակ՝ կրթութեան եւ ճարտարագիտութեան բնագաւառին մէջ հաշուի կ՛առնուին տուեալ պետութեան մէջ ուսանող օտար ուսանողներու, դուրսէն ստացուող գիտական հանդէսներու, արտասահմանեան պարբերականներու մէջ այդ երկրի գիտնականներուն հրապարակած յօդուածներուն եւ, վերջապէս, այդ երկրէն Նոպէլեան մրցանակակիրներուն թիւը:

Խաղաղութեան բնագաւառին մէջ հաշուի կ՛առնուին այդ երկրէն միջազգային իրաւագիրով թէժ գօտիներու վրայ ծառայող խաղաղապահներուն թիւը:

Մշակոյթի բնագաւառին մէջ հաշուի կ՛առնուին համագործակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ, այդ երկրէն արտածուող հեղինակային ծրագիրները եւ ծառայութիւնները եւ մամլոյ ազատութեան մակարդակը:

Ցուցակին նպատակն է նախաձեռնել քննարկում, որուն թեման առանձին երկիրներու պիտանելիութիւնն է ամբողջ աշխարհի տեսակէտէն: Հաշուի կ՛առնուին բազմաթիւ կարեւոր այլ գործօններ, ներառեալ՝ տուեալ երկիրներուն մէջ բարեգործութեան մշակոյթը եւ բնութեան պաշտպանութիւնը:

Հայաստանի տուեալները՝ գիտութիւն եւ ճարտարագիտութիւն՝ 56րդ տեղ, միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն՝ 136, աշխարհակարգ՝ 104, մոլորակ եւ կլիմայ՝ 108, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն 48, մշակոյթ՝ 103, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն՝ 31:

Այդ բոլորին իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստան ընդհանուր հաշիւով դարձած է մոլորակի 75րդ «Լաւ երկիր»ը՝ զիջելով Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ, սակայն յառաջ անցնելով Ատրպէյճանէն, որ 89րդ տեղն է:

Մոլորալի «Ամենալաւ» երկիրներն են՝ Հոլանտա, Զուիցերիա եւ Դանիա: Իսկ 163 երկիրներէն վերջին երեք տեղերը գրաւած են Իրաք, Լիպիա եւ Աֆղանիստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.