(Ռատիօ Վատիկան) Հալէպի մէջ «Յիսուս Մարիամ» ի դուստեր միաբանութեան անդամ Քոյր Անի Տեմիրճեան «տառապող եկեղցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի հետ վերջերս ունեցած է ելոյթ մը, որուն մէջ նկարագրած է Հալէպի ներկայ իրավիճակը- յայտնելով թէ քաղաքին մէջ վերջ գտած են հակամարտութիւնները, սակայն այժմ կը պատրաստուին՝ վերապրելու նոր պայքար մը՝ բնականոն կեանք ապրելու համար:
Քոյր Անի, Հալէպի դժնդակ տարիներուն. «տառապող եկեղցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, դիմագրաւած է հալէպի բնակչութեան ՝ բժշկական, սննդական, հագուստի կարիքներուն, մինչեւ ջուրի մատակարաման հարցերը, լուծումներ գտնելով անոնց:
Քոյր Անի, զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի բարերաներուն, որոնք աջակցած են եւ կ'աջակցին Քրիստոնեաներուն ու համայն Սուրիոյ ժողովուրդին յայտնելով «Սուրիոյ մէջ իւրաքանչիւր բնակարան ունի իր պատմութիւնն ու վէրքը: Սակայն՝ պատերազմի ընթացքին ձեր օժանդակութիւնն ու մօտիկութիւնը ցոյց տուին, որ իսկապէս մեր եղբայրներն ու քոյերն էք»
All the contents on this site are copyrighted ©. |