2017-12-12 10:28:00

Երուսաղէմի հարցին գծով Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի միջազգային համաձայնագիրին։


Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինին յայտարարած է, որ Երուսաղէմի կարգավիճակին հարցով Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է միջազգային համաձայնագիրին եւ չի փոխեր իր դիրքորոշումը, այնքան ատեն որ իսրայէլցիները եւ պաղեստինցիները չեն համաձայնած քաղաքի վերջնական կարգավիճակին գծով: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է լրագրողներուն` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումէն առաջ: Ըստ Մոկերինիի, գոյութիւն ունի երկու երկիր` Իսրայէլ եւ Պաղեստին, որոնց մայրաքաղաքն է Երուսաղէմը:

Նշենք, որ Իսրայէլի նախագահը Եւրոպական Միութիւն կատարած այցելութեան ընթացքին հրապարակային կերպով համաձայնութիւն տուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալուն մասին` ըսելով, որ նոյն ակնկալութիւնը ունի նաեւ եւրոպացիներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.