2017-12-11 09:46:00

Արաբական Լիկան որոշեց ապահովութեան խորհուրդին մէջ քայլերու դիմել


Արաբական լիկան Գահիրէի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Երուսաղէմի հարցին վերաբերող իր արտակարգ նիստի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը մերժէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու որոշումը` զայն նկատելով միջազգային օրէնքի ոտնահարում մը:

Հաղորդագրութիւնը դատապարտեց իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու Ուաշինկթընի որոշումը` նշելով, որ անիկա կը վնասէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, կը խորացնէ լարուածութիւնը, զայրոյթ կը յառաջացնէ եւ կը սպառնայ շրջանը մղել յաւելեալ բռնարարքներու ու քաոսի գահավէժի եզրին:

Արաբական լիկան Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց ջնջել Երուսաղէմի վերաբերեալ իրենց որոշումը  եւ միջազգային ընտանիքին հետ աշխատանք տանիլ Իսրայէլը ստիպելու, որ գործադրէ միջազգային օրինականութեան որոշումները եւ վերջ տայ 4 յունիս 1967-էն ի վեր պաղեստինեան ու արաբական բոլոր հողամասերու անօրինական բռնագրաւումին:

Արաբական լիկան Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան շրջադարձը նկատեց վտանգաւոր զարգացում մը, որ Միացեալ Նահանգները կը դնէ բռնագրաւումին կողմնակալ ըլլալու, միջազգային կանոններն ու որոշումները խախտողի դիրքին մէջ, «ուստի այդպիսով Ուաշինկթըն ինքզինք զրկած է խաղաղութեան հոլովոյթի միջնորդի կարգավիճակէն»:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին, որ Արեւելեան Երուսաղէմը պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքն է եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ  հաստատուի անկախ, գերիշխան եւ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը:

Արաբական լիկան նաեւ զգուշացուց Երուսաղէմի օրինական ու պատմական կարգավիճակը փոխելու փորձերէն եւ անոր արաբական ինքնութիւնը փոխելու, իսլամական ու քրիստոնէական սրբավայրերուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարելու Իսրայէլի փորձերէն:

Արաբական լիկայի խորհուրդը որոշեց իր նիստերը բաց ձգել եւ ամէնէն ուշը մէկ ամիս վերջ վերստին ժողով գումարել` գնահատելու համար կացութիւնը եւ ապագայ քայլեր ճշդելու համար, ներառեալ Յորդանանի մէջ արտակարգ արաբական վեհաժողով գումարելը: Անոնք նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցին միջազգային համայնքին հետ հաղորդակցութեան համար Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութենէն պատուիրակութիւն մը կազմելու:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանան բողոք ներկայացուցած է Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի որոշումին կէտերուն դէմ` դատի կարեւորութեան բարձրութեան վրայ չըլլալնուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.