2017-12-09 08:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը «Փիացցա Տի Սպանիայի» Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անարատ Յղութեան տօնին առիթով  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէին մեծարեց «Բիացցա Տի Սպանիայի» հրապարակին վրայ զետեղուած Տիրամօր արձանը ու աղօթք բարձրացնելով Տիրամօր ըսաւ.

«Մայր Անարատ Յղացեալ, հինգերորդ անգամուայ համար կու գամ քու ոտքիդ՝ որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս քեզ մեծարելու յանուն այս քաղաքի բնակիչներուն։ Կ՛ուզենք քեզի շնորհակալութիւն յայտնել քու հոգատարութեանդ համար, որով մեզի կ՛ընկերանաս մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին, ընտանիքներու, ժողովրդապետութիւններու, կրօնական հասարակութիւններու ուղեւորութեան…հիւանդներուն, տարեցներուն ու բոլոր աղքատներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմներէ ու անօթութենէ փախուստ տուող բազմաթիւ ներգաղթողներու  ճանապարհորդութեան…

Ով Մայր օգնէ  այս քաղաքը զարգացնելու մեր ժամանակներու որոշ ախտերու դէմ հակաթոյնը՝ անտարբերութիւն, հասարակաց բարիքի անարգանքը, ուրիշի եւ օտարէն վախը, ապականումի դիմաց յուսալքումը, մարդոց ու կիներու չարաշահումը…այնպէս ըրէ որ վարժութիւնը ունենանք ամէն օր կարդալու Աւետարանը ու Անոր հետեւելով պահպանելու Խօսքը մեր սրտին մէջ, որպէսի բարի սերմի նման պտուղներ պարգեւէ մեր կեանքին։

Անարատ Կոյս՝ 175 տարիներ առաջ, Սուրբ Անտրէա Տէլլէ Ֆրաթթէ եկեղեցւոյ մէջ, դուն դպչեցար Ալֆոնսօ Ռաթիզպոնի սրտին որ այդ պահուն անաստուած ու եկեղեցւոյ թշնամի էր, ու դարձաւ քրիստոնեայ։ Անոր յայտնուեցար որպէս Լի շնորհով Մայր մը ու Մայր ողորմութեան։ Մեզի եւս պարգեւէ շնորհքը մեր հայեացքը ուղղելու քու հիւրընկալ ձեռքերուդ, որոնք թոյլ կու տան երկրի վրայ իջեցնելու Տիրոջ շնորհքները ու թոյլ տուր որ մերկանանք մեր սնապարծութենէն ու մենք մեզ ճանչնանք այնպէս ինչպէս որ ենք իսկապէս՝ փոքրիկ ու աղքատ, սակայն միշտ ալ քու զաւակներդ։

Այսպէսով ձեռք ձեռքի բռնած թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէս Յիսուսին՝ մեր եղբայրն ու փրկիչը ու մեը Երկնային Հօր որ երբեք չի յոգնիր սպասելու մեզ ու  մեզ ներելու երբ Անոր կը վերադառնանք։

Շնորհակալ եմ ով Մայր՝ որովհետեւ միշտ մեզի մտիկ կ՛ընես։ Օրհնէ Հռոմի եկեղեցին։ Օրհնէ այս քաղաքը ու համայն աշխարհը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.