2017-12-09 09:03:00

Հայոց Պատրիարքարան. «Երուսաղէմի Հայ համայնքին վտանգ չի սպառնար»


Երուսաղէմի մէջ իրավիճակը այժմ հանգիստ է, սակայն, լարուածութիւն կայ, քանի որ մահմետականները այսօր պիտի գան Երուսաղէմ աղօթելու, եւ հաւանական բախումները բացառելու համար քաղաքին մէջ ոստիկանական ուժեր կեդրոնացուած են: Այս մասին` ըստ «Նիուզ»-ին,  երէկ յայտնած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանէն:

«Քաղաքի այդ թաղամասը հայկական թաղամասէն աշխարհագրօրէն շատ հեռու է, հետեւաբար, հայ համայնքին վտանգ չի սպառնար»,  յայտնած են պատրիարքարանէն:

Անոնց փոխանցումով, արաբ խանութպանները արդէն երկրորդ օրն է, որ գործադուլի մէջ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.