2017-12-09 13:30:00

«Պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ. Ոչ դրամապաշտութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Դեկտեմբերի 9-ին, ՄԱԿի նախաձեռնութեամբ կը նշուի « կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջազգային օրը» (International Anti-Corruption Day): Օրը հաստատուած է 2003 թուականի հոկտեմբեր 31-ին,  ՄԱԿ-ի ընդհանուր հաւաքի ընթացքին որդեգրուած թիւ 58/4 բանաձևի ընդունմամբ։

Միջազգային այս օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ, 9 լեզուներով հրապարակուած Քահանայապետական @pontifex   թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց «կաշառակերութեան դէմ պայքար մղելու ենք բոլոր մեր ուժով։  Ան չարիք մըն է՝ հիմնուած դրամապաշտութեան վրայ որ կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը»։

Այս առաջին անգամը չէ որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ կաշառակերութեան հարցին, Ան նոյնիսկ երբ Պուէնըս Այրէսի արքեպիսկոպոս էր միշտ դատապարտած է կաշառակերութիւնը ու մարդիկը զգուշացուցած է անոր չարիքէն։

2017-ի Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրելով Կարդինալ Փիթէր Թուրքսընի «կաշառակերութիւն» վերտառութեամբ գիրքի նախաբանը գրած էր «կաշառակերութիւնը, հայհոյանքի ձեւ մըն է. Զէնք մըն է որ կը պատկանի Մաֆիական հասարակ ոճին»։ Ան ապա Պրազիլի երիտասարդներուն ուղղած մէկ պատգամին մէջ՝ Ափարեստիայի Տիրամօր երեւումներու 300 ամեակին առթիւ, զանոնք խրախուսած էր «վախ չունենալ պայքարելու կաշառակերութեան դէմ ու թոյլ չտալ որ ան զանոնք հրապուրէ» ապա հրաւիրած էր երիտասարդները դառնալու դերակատարներ մշակոյթի մը՝ որ ներշնչուած ըլլայ Աւետարանէն, ի նպաստ ընկերութեան բարիքին։ 

Իսկ անցեալ 21 սեպտեմբեր 2017-ին Իտալական Հակամաֆիական կառավարական յանձնախումբի անդամները ընդունելով, Նորին Սրբութիւնը դիտել տուած էր թէ «կաշառակերութիւնը միշտ կը գտնէ ինքզինք անդրացնելու ձեւ մը, ներկայանալով որպէս բնական երեւոյթ». ապա մէկ շաբաթ ետք Իտալիոյ Չեզենա քաղաքին տուած այցելութեան առթիւ, Սրբազան Պապը հաստատած էր թէ  «կաշառակերութիւնը քաղաքականութեան կոչումին ցեցն է որ արգելք կը հանդիսանայ  քաղաքակրթութեան զարգացումին»  այս ուղղութեամբ հրաւիրելով  քաղաքական գծիչները միշտ առաջին կարգի վրայ դնելու հասարակաց բարիքը ու ընկերութեան ի սպաս ծառայութիւնը, քան իրենց անձնական շահերը։

10 նոյեմբերին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած  քարոզին մէջ եւս Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ կաշառակերութեան ախտին վրայ, իր վիշտը արտայայտելով՝ ի տես ժողովուրդի բարիքները մատակարարող անձերուն որոնք ինկած են կաշառակերութեան փորձութեան մէջ ու հրաւիրելով ներկաները «աղօթելու կաշառակերներու համար որպէսզի կարողանան ելք մը գտնել այն բանտէն  ուր անոնք ուզեցին մուտք գործել» ։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը Միանմար եւ Պանկլատէշ վերջերս կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ հոգեւոր Պետերու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ընդգծեց հաւատացեալներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը «հակազդելու համար նաեւ կաշառակերութեան համաճարակին» - ըսաւ Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.