2017-12-08 08:26:00

Երուսաղէմի Հոգեւոր Պետերը՝ իր որոշումը վերանայելու պատգամով նամակ յղած են Թրամփին


ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Կորիւն վրդ. Պաղդասարեան Դեկտեմբեր 7ին յայտնեց, թէ Երուսաղէմի հոգեւոր բոլոր պետերը միասնական նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Երուսաղէմի կարգավիճակին վերաբերեալ անոր յայտարարութեան առնչութեամբ:

«Կը կարծենք, որ այդ յայտարարութեան կրնան հետեւիլ բախումներ, նոր բռնութիւններ, եւ գոյութիւն ունեցող տառապանքը կրնայ աւելնալ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ըրած ենք վերանայելու իր յայտարարութիւնը», ըսաւ Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը:

Ան աւելցուց, որ նշեալ յայտարարութենէն ետք, որեւէ տեսակի լարուածութիւն անմիջական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ տեղւոյն հայերուն եւ Հայոց պատրիարքարանին վրայ:

«Մամուլէն տեղեկացանք, որ Պաղեստինի մէջ արդէն իսկ բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացուին: Մենք կը փափաքինք, որ կողմերը բանակցութիւններու միջոցով խնդիրը լուծեն», եզրակացուց ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.