2017-12-07 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 7 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ընդունեց Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահական կազմը ու այս առթիւ  անոնց ուղղած իր բարի գալուստի ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհաւորեց Արքեպիսկոպոս Մուզան՝ դաշնակցութեան նախագահ ընտրուած ըլլալուն համար, ապա հրաւիրեց միասին յիշել անցեալը յատկապէս համամիութենական այն պահերը որոնք յատկանշեցին «Վերանորոգումի» տօնակատարութիւնները, յատկապէս Լունտի մէջ։

«Կարեւոր եղաւ նախ եւ առաջ իրարու հանդիպիլ աղօթքի մէջ» ըսաւ Քահանայապետը «որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքէն կը ծլի եւ կը ծաղկի հաւատացեալներու միջեւ միութեան պարգեւը» աւելցուց Ան ու հաստատեց թէ «Միայն աղօթելով է որ կարող ենք պահապան կանգնիլ մէկը միւսին։ Աղօթքը կը բիւրեղացնէ, կը զօրացնէ, կը լուսաւորէ ճանապարհը եւ թոյլ կու տայ յառաջ ընդանալ։ Աղօթքը կը նմանի վառելանիւթի որ հարկաւոր է՝ մեր դէպի միութիւն ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Աղօթելով է որ իրարու կը նայինք ուղիղ հեռանկարով, Հօր հեռանկարը, որուն հայեացքը մեր վրայ կ՛ուղղուի սիրով, առանց նախընտրութիւններու կամ զանազանութիւններու եւ Յիսուսի Հոգւոյն մէջ մենք իրար կը ճանչնանք որպէս եղբայրներ» յարեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այդ է մեկնակէտը որմէ հարկաւոր է միշտ սկսիլ ու հրաւիրեց նայիլ անցեալի տխուր պատմութեան ու շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ որովհետեւ հակառակ ամէն ինչի, վերջին տարիներուն իրականացաւ համամիութենական ուղեւորութիւն մը, շնորհիւ նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի ու Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան միջեւ կայացած երկխօսութեան որ սկիզբ առած 1967 էն ի վեր։

Այս բիւրեղացած յիշողութեամբ է որ այսօր կարող ենք վստահութեամբ նայիլ ապագայի մը որուն առանցքը ըլլայ փոխադարձ սէրը։ Ապագայ մը ուր կանչուած ենք զատորոշելու պարգեւները որոնք կը յատկանշեն դաւանանքային աւանդութիւնները ու զանոնք ընկալելու որպէս միասնական ժառանգութիւն - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ « եթէ անցեալը կարելի չէ փոխել, ապագան մեզ կը հարցադրէ, ու չենք կրնար խուսափիլ հաւատքի ու սիրոյ մէջ փնտռելու եւ խթանելու աւելի մեծ հաղորդութիւն մը»։

«Եւ որպէսզի միասին յառաջ ընդանանք բաւարար չեն միայն լաւ գաղափարներ այլ հարկաւոր են նաեւ շօշափելի քայլեր ու այս կը նշանակէ նուիրուիլ սիրոյ մէջ՝ նայելով աղքատներուն, Տիրոջ փոքրիկ եղբայրներուն, դպչելով անոնց վէրքերուն…այսօր աւելի քան երբեք կանչուած ենք Աւետարանը հռչակելու աշխարհին եւ քրիստոնեաներու միջեւ հաշտուած միութիւնը անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ» շեշտեց Սրբազան Պապը ակնարկելով այն բազմաթիւ անձերուն որոնք այսօր կը տառապին Յիսուսը վկայած ըլլալուն համար, ու ընդգծեց թէ անոնց խոնարհ հերոսութիւնը մեզի համար հրատապ կոչ է՝ ի նպաստ միշտ աւելի իրական եղբայրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ ու Սուրբ Հոգիէն խնդրելով որ բոլորին վրայ հեղու իր արի եւ խոնարհ իմաստութիւնը. ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.