2017-12-07 14:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոզնիա Հերզեկովինայի վարչապետը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 7 դեկտեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոզնիա Հերզեկովինայի վարչապետ՝ Տիար Տենիս Զվիզտիքը, որմէ ետք վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքին ենթաքարտուղարը Գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

Այս առնչութեամբ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց - թէ  վերոնշեալ հանդիպումը կայացած է սիրալիր մթնոլորիտ մէջ,  որուն ընթացքին  երկուստեք գոհունակութեամբ արտայայտուած են Վատիկան եւ Պոզնիա Հերզեկովինայի միջեւ հաստատուած բարի յարաբերութիւններուն համար, կեդրոնացումի նիւթ եղած է նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանին գետնին վրայ  երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր,   

յատուկէն կեդրոնանալով Պոզնիա Հերզեկովինայի Եւրոպական  միութեան անդամակցութեան  գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած հարցերուն, որոնց շարքին աշխատանքի զբաղուծութեան աճը եւ տնտեսական զարգացումը։   

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ յատկապէս Պոզնիա Հերզեկովինային մէջ Կաթողիկէ հասարակութեան մասին,  մաղթելով որ երկրին մէջ  ընկերութեան բոլոր խաւերուն միջեւ ամրապնդուի խաղաղ համակեցութեան մթնոլորտը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.