2017-12-07 09:11:00

Թրամփ Երուսաղէմը Ճանչցաւ Իսրայէլի մայրաքաղաք։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ  ամերիկեան դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրումը յայտարարեց` աւելցնելով. «Որոշեցի, որ ժամանակը հասած է Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու»:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «կարելի չէ բոլոր հարցերը նոյն ձախող ենթադրութիւններով լուծել», եւ այսօրուան յայտարարութիւնը «պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման ուղղութեամբ նոր մօտեցումի մը սկիզբն է»:

Ան նշեց, որ Քոնկրեսը Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու  որոշումը որդեգրած էր քսան տարի առաջ, սակայն նախկին նախագահները այդ քայլէն հրաժարած էին` աւելցնելով. «Նախկին նախագահները կարծեցին, թէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը յետաձգելը կը նպաստէ լուծումին»:

Ըստ Թրամփի, Երուսաղէմը «աշխարհի վրայ ամէնէն յաջող ժողովրդավարութեան սիրտն է»` աւելցնելով. «Երուսաղէմը մայրաքաղաք մըն է, որ նախապէս հրեաները հիմնած են, եւ անիկա իսրայէլեան արդի կառավարութեան նստավայրն է»:

Թրամփ ըսաւ, որ իր այս որոշումին «նպատակը պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւնը դիւրացնելու մեր յանձնառութենէն հրաժարիլ չէ»` աւելցնելով. «Մենք պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ վերջնական լուծումներու վերաբերեալ որոշումներ չենք տար, եւ Միացեալ Նահանգները պիտի զօրակցին երկու պետութիւններու լուծումին, եթէ երկու կողմերը ատոր շուրջ համաձայնին»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թրամփի որոշումը նկատեց ապօրինի եւ անպատասխանատու: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ այդ որոշումը պիտի գրգռէ իսլամներուն զգացումները եւ նոր ինթիֆատա մը պիտի հրահրէ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Երուսաղէմի ճակատագիրը կը վճռեն իրենք` պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը չի զօրակցիր Թրամփի միակողմանի որոշումին:

ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարեց. «Թրամփի որոշումը պիտի վտանգէ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութիւնը»:

Սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց հետեւելու Միացեալ Նահանգներու օրինակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.