2017-12-07 09:16:00

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն Ազրպէյճանի դէմ աննախադէպ դատական քննութիւն յարուցած Է


Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն 5 դեկտեմբերին յարուցած է նախադէպ չունեցող դատական քննութիւն Ազրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին արձակած վճիռը չկատարելու վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:

«Նախապէս որեւէ պետութեան վերաբերեալ նախարարներու կոմիտէն այդպիսի որոշում չէ տուած: Յիշեցնեմ, որ գործը կը վերաբերէր ազրպէյճանցի յայտնի ընդդիմադիր Իլկար Մամետովի ապօրինի դատապարտման: 2014 թուականէն սկսեալ թէ՛ նախարարներու կոմիտէն, թէ՛ Խորհրդարանական վեհաժողովը բազմիցս որդեգրած են որոշումներ ու բանաձեւեր` կոչ ուղղելով ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ազատ արձակելու Մամետովը, սակայն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռէն երեք տարի ետք ալ Մամետով կը շարունակէր մնալ անազատութեան մէջ», ընդգծած է Յովհաննիսեան:

Ան նշած է, որ առաջին անգամ Ազրպէյճանի դէմ այս աննախադէպ ներգործութեան միջոցը կիրարկելու վերաբերեալ մտադրութիւնները հնչեցուած են այս աշնան: «Ազրպէյճան զգուշացուած էր, որ եթէ մինչեւ 29 նոյեմբեր չկատարէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումը, իր նկատմամբ պիտի սկսի քննութիւնը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին մէջ, սակայն նոյնիսկ բազմաթիւ զգուշացումներու պարագային ազրպէյճանական իշխանութիւնները նախընտրեցին հնչեցնել կեղծ մեղադրանքներ, քան գործադրել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին որոշումը», ըսած է Ազգային ժողովի փոխնախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.