2017-12-07 08:20:00

Անարատ Յղութեան Տօնը Հռոմի մէջ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) 8 Դեկտեմբերին` ըստ լատինաց, կը յիշատակուի Սրբոյ Կուսին Մարիամու Անարատ Յղութեան տօնը, զոր հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն կը նշուի 9 դեկտեմբերին։ Այս տօնը կը պանծացնէ Աստուածամայրը, որ ըստ Եկեղեցւոյ աստուածաբաններու, չէր կրնար արատաւորուած ըլլալ սկզբնական մեղքէն, ուստի եւ իր յղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ իր մօր` Աննայի արգանդին մէջ, ան անարատ եղաւ սկզբնական մեղքէն։ Կաթողիկէ Եկեղեցին այս վարդապետութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց 1854-ին, ուստի Լուրտի երեւումներէն 4 տարի առաջ, որով Լուրտի մէջ`Աստուածամայրը Պեռնատէթին կը յայտնուի որպէս Անարատ Յղութիւն։

Անարատ Յղութեան  տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար ու տօնին առթիւ յատուկօրէն կը մեծարուի Հռոմի հռչակաւոր հրապարակներէն՝ Սպանիա հրապարակի վրայ զետեղուած Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը, որ կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։

Ս. Կոյս Մարիամի պրօնզէ այդ արձանը, կանգնուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ սիւնի մը վրայ եւ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857-ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։

Քահանայապետերու կողմէ Ս. Կոյս Մարիամի Ապանիա հրապարակի վրայ զետեղուած արձանի մեծարանքը  սկիզբ առած է Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրով, Ան ըլլալով առաջին Քահանայապետը որ Անարատ Յղութեան տօնին օրը ծաղիկներ ուղարկեց Սպանիա հրապարակի վրայ գտնուող արձանին։ Իսկ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ, 1958-ին, անձամբ այցելեց Սպանիայի հրապարակը եւ այնտեղ զետեղեց սպիտակ վարդերու փունջ մը։  Այդ օրէն, սոյն սովորութիւնը դարձաւ աւանդութիւն ու շարունակուեցաւ Յովհաննէս ԻԳ յաջորդներու կողմէ եւս՝ Պօղոս Զ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ  Ֆրանչիսկոս Պապ։

Տարիներու հոլովոյթին  դեկտեմբեր 8-ն  յատուկ նշանակութիւն ստանձնեց Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար որոնք արշալոյսէն սկսեալ մեծ թիւով կը խուժեն Սպանիա հրապարակ մեծարելու համար Տիրամօր արձանը ու հայցելու անոր բարեխօսութիւնը։ Այս առթիւ աւանդութիւն է նաեւ որ Հռոմի հրշէջները` որոնց պաշտպան սրբուհին է Անարատ Յղացեալը, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ,  համախմբուին վերոնշեալ հրապարակի վրայ ու անոնցմէ մին բարձրանալով  30 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Աստուածածնայ պրօնզէ արձանը, անոր բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը։

Օրուան ընթացքին ապա այլ խմբակցութիւններ եւ անձնաւորութիւններ եւս, որոնց շարքին Սպանիայի դեսպանը, կը մեծարեն Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյսին արձանը։

Տօնին առթիւ, իր նախորդներուն նման, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէի 4-ին կը ժամանէ «Բիացցա Տի Սպանիայի» հրապարակ, ուր՝ աւանդութեան համաձայն, Տիրամօր արձանի ոտքին աղօթք կը մատուցէ Տիրամօր այնտեղ զետեղելով նաեւ ծաղկեփունջ մը, հուսկ կ՛ այցելէ քովնտի «Sant’Andrea delle Fratte» պազիլիքան այնտեղ եւս աղօթելու՝ Հրաշքի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։ Նորին Սրբութեան Տիրամօր մեծարանքի սոյն արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մայրաքաղաքի քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։

 


Շնորհալիի Մարեմեան Տիտղոս

Անարատ տաճար, առագաստ լոյսի,
Մայր անհրսնացեալ, Աստուածածին միշտ կոյս.
Մարգարէները գուշակելով քեզ ցոյց տուին.
Ծառ կեանքի, մէջն աստուածատունկ դրախտին.
Մովսէս տեսաւ քեզ անկէզ` մորենիի մէջ,

Եւ սափոր ոսկի, լի մանանայով.
Գէդէոն` գեղմն քաղցր ցօղով լիք,
Սաղմոն տեսաւ քեզ աղբիւր կնքեալ,
Եսայի ծանոյց քեզ, Կոյս յղացեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.