2017-12-06 11:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը. «Երուսաղէմը սուրբ վայր է՝ Հրեաներու, Քրիստոնեաներու եւ Իսլամներու համար»։


(Ռատիօ Վատիկան) 6 դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յատուկ կոչ մը ուղղեց Երուսաղէմին համար ըսելով. «Այժմ միտքս մղուած է Երուսաղէմին։ Չեմ կրնար չ՛արտայայտել իմ խոր մտահոգութիւնս վերջին օրերուն ստեղծուած իրավիճակին ի տես, ու միեւնոյն ատեն սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին յանձնառումին, յարգելու համար քաղաքին կարգավիճակը «status quo»ն, համաձայն  ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած համապատասխան բանաձեւերուն։

Երուսաղէմը եզակի քաղաք է, սրբազան վայր է հրեաներու, քրիստոնեաներու եւ իսլամներու համար, որոնք այդ քաղաքի իրենց կրօններու համապատասխան Սուրբ վայրերուն մէջ, պաշտամունք կը կատարեն ու Երուսաղէմը ունի յատուկ կոչում ու ձգտում խաղաղութեան։

Կ՛աղօթեմ Տէրը որպէսզի այդ ինքնութիւնը պահպանուի ու ամրապնդուի ի սէր Սուրբ Երկրին, Միջին Արեւելիքին ու համայն աշխարհին եւ որպէսզի գերիշխեն իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը, խուսափելով նոր լարուածութեան տարրեր աւելցնելու աշխարհի մը բնապատկերին վրայ որ արդեն յատկանշուած է բազմաթիւ նշանակալից ու դաժան հակամարտութիւններով»։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը սոյն կոչը ուղղեց ի տես Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփի այն որոշումին՝ Երուսաղէմը հռչակելու որպէս Իսրայէլի Մայրաքաղաք ու ԱՄՆ-ի Իսրայէլի մօտ դեսպանութիւնը տեղափոխելու Երուսաղէմ։

Նշենք նաեւ թէ այս առընչութեամբ, երեքշաբթի երեկոյեան, Պաղեստինի Նախագահ Մահմուտ Ապպասը՝  վերոնշեալ նիւթին մասին Տոնալտ Թրամփի հետ ունեցած զրոյցէն ետք, հեռաձայնային կապ հաստատեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ անոր փոխանցելով զրոյցի պարունակութիւնը։ 

Ւ վերջոյ նշենք նաեւ թէ Տոնալտ Թրամփի որոշումին ի տես  Պաղեստինի նախագահ Ապու Մազէնը զգուշացուց Թրամփը այդ իր որոշումի հետեւանքներէն, որ կարող է մեծ ազդեցութիւն ունենալ շրջանի ու համայն աշխարհի կայունութեան վրայ։  Պաղեստինցիները «բարկութեան 3 օր» հռչակած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.