2017-12-06 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Քահանայապետական կաճարներուն հանրային հանդիսաւոր ԻԲ նիստը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2017-ին, յետմիջօրէին ժամը 17,45ին, Հռոմի քարտուղարութեան  պալատէն ներս տեղի ունեցաւ,  Քահանայապետական մշակոյթին խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռազավազիի նախագահութեամբ, Քահանայապետական կաճարներուն հանրային ԻԲ նիստը, որուն ընթացքին, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Քահանայապետական կաճարներու մրցանակը յանձնեց փնտռտուքի ծիրէն  ներս ներդրում ունեցող լաւագոյն հեղինակներուն։ 

Այս առթիւ  Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղած է վերոնշեալ նիստի մասնակիցներուն,  որուն մէջ  ողջունելէ ետք նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերող եպիսկոպոսները, հիւպատոսները, ակադեմականները, մաղթանք յայտնեց  որ սոյն նիստը՝,   յատկապէս մրցանակին արժանացողներուն ,քաջալերանքի առիթ հանդիսանայ   խորացնելու  եւ որոնելու համար  նիւթերը հայող քրիստոնէական մարդկային տեսլականին ։ Ան ապա իր  խնդակցութիւնը յայտնեց ընդհանուր  նիստի  ընտրուած  նիւթին համար  որ է  «Մարդուն ներքինը, փնտռտուքի  ուղեգիծեր լատին աւանդութեան մէջ»   նշելով թէ  ներքինի ,սիրտի, խղճմտանքի եւ ինքնագիտակցութեան նիւթը կը գտնուի ամէն  մշակոյթի մէջ  ինչպէս նաեւ զանազան կրօնական աւանդութիւններուն մէջ, եւ է նաեւ ժամանակակից  աշխարհի շտապ եւ իմաստալից նիւթ։

Ֆրանչիսկսո Պապ  դիտել տուաւ որ վերոնշեալ նիւթին համար   օգուտ  է Աւետարանը՝  յիշելով  Անառակ որդիին  առակը,  եւ  խօսքը կեդրոնացուց դարձի  ուղեւորութեան  վրայ , որ կը սկսի  նախ ներքինէն  եւ ապա կ՝անցնի արտաքինին։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը յիշեց Սուրբ Օգոստինոսը, որ  մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն, վկայուած  խոստովանութիւններ գիրքին մէջ,  մեզի կը շնորհէ  անմոռանալի եւ տպաւորիչ  էջեր։  Ան ապա քաջալերանքի խօսք ուղղեց նիստի մասնակիցներուն, նամանաւանդ անոնց որոնք   պարտականութիւն ունին դասաւանդելու  յորդելով անոնց գիտնալ երիտասարդներու սիրտերուն խօսիլ, գիտնալ  գանձ ընել լատին աւանդութեան ժառանգը, դաստիարակելու համար երիտասարդները իրենց կեանքին ուղեւորութեան մէջ եւ զանոնք առաջնորդել իմաստութեան եւ վստահութեան երկար ճանապարհին վրայ ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ, լատին լեզուի  եւ մշակոյթի ուսուցման ծիրէն ներս Քահանայապետական կաճարներու մրցանակը շնորհեց՝   Տոքթ Փիեր Շամնբերթ, իսկ Քահանայաետական մետալը ՝ Տոքթ Շարի Պուտսին։

Ան ճառը աւարտեց  բեղուն գործունէութիւն մաղթելով բոլորին ՝ իրենց հետազօտական աշխտաքանքի ծիրէն ներս-  անոնց համար  հայցելով  Տիրամօր բարեխոհութիւնը ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.