2017-12-06 11:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պաղեստինեան միջ-կրօնային յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճէն ներս ընդունեց միջ-կրօնական Պաղեստինեան յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը, որոնք Հռոմի մէջ հիւրն են Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի բաժանմունքին։ 

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները ըսաւ. «Եթէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար միշտ ուրախութիւն եղած  է՝  հասարակութիւններուն, անհատներու եւ կազմակերպութիւններուն հետ երկխօսութեան կամուրջներ կառուցել, վստահաբար յատուկ ուրախութիւն է զայն կատարել Պաղեստինեան կրօնական անձնաւորութիւններուն եւ մտաւորականներուն հետ։

Սուրբ Երկիրը մեզի քրիստոնեաներուս համար Աստուծոյ եւ մարդկութեան հետ երկխօսութեան վսեմութեան եկիրն է ։ Երկխօսութիւն մը որ իր գագաթնակէտը գտաւ   Նազարէթի մէջ՝  Գաբրիել հրեշտակի եւ Սուրբ Կողմս Մարիամին միջեւ երկխօսութեամբ , դրուագ մը որուն մասին կ՝անդրադառնայ նաեւ Քուրանը  - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը կեդրոնացուց  երկխօսութեան վրայ  նշելով թէ երկխօսութիւնը կը կատարուի  բոլոր  մակարդակներու վրայ.  մեր անձին հետ՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջոցաւ, ընտանիքի մէջ, կրօնական հասարակութեան մէջ, զանազան կրօնական հասարակութիւններու միջեւ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ։  Երկխօսութեան առաջին պայմանն է,  փոխադարձ յարգանքը, միաժամանակ,  ձգտիլ ամրապնդելու այդ  յարգանքը՝ ճանչնալու համար մարդոց իրաւունքները, ուր որ ալ գտնուին անոնք՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ու աւելցուց  «երկխօսութենէն կը բխի  յաւելեալ  փոխադարձ ճանաչողութիւն,  յաւելեալ փոխադարձ համակրանք,  ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն ՝ աշխատելու համար  հասարակաց բարիքին համար, ինչպէս նաեւ  միասնաբար գործելու կարիքաւոր անձերուն  ի նպաստ՝ երաշխաւորելով անոնց խնամակալութեան անհրաժեշտ կարիքները։

Ֆրանիչկսոս Պապ ապա մաղթանք յայտնեց, որ Պաղեստինեան պատուիրակութեան խորհրդակցութիւնները առաջնորդեն երկխօսութեան հարազատ վայր մը ստեղծելու՝  Պաղեստինեան ընկերութեան համայն խաւերուն համար , յատուկէն՝ քրիստոնէական խաւին, նկատի ունենալով քրիստոնեաներուն թիւը ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս  գաղթականութեան հարցը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց  նաեւ , թէ Ինք գիտակից է Պաղեստինեան պետութեան , քրիստոնեայ հասարակութեան հանդէպ ցուցաբերած  յատուկ ուշադրութեան,  յատկապէս՝ Պաղեստինի Պետութեան նախագահին կողմէ  ու  ճառը աւարտեց հայցելով առատ օրհնութիւնները  բոլորին վրայ եւ խաղաղութիւն մաղթելով  Պաղեստինեան ժողովուրդին, Սուրբ Երկրին ինչպէս նաեւ համայն միջին արեւելքին,  որոնք շատ սիրելի են  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ 








All the contents on this site are copyrighted ©.