2017-12-06 10:41:00

Սահակաշվիլի ձերբակալուեցաւ Քիեւի մէջ


Ուքրանիոյ Օտեսայի մարզի նախկին նահանգապետ եւ Նոր ուժերու շարժումի ղեկավար Միխայիլ Սահակաշվիլի 5 դեկտեմբերին ձերբակալուած է Քիեւի մէջ: Մասնայատուկ ուժերու անդամները զինք վար իջեցուցած են շէնքի տանիքէն, ուր ան բարձրացած էր` խոյս տալով իր բնակարանը խուզարկելու եկած իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներէն:

Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան «Ալֆա» յատուկ ստորաբաժանումի աշխատակիցները երէկ առաւօտեան ներխուժած են ընդդիմադիր գործիչին բնակարանը` կոտրելով դուռը: Իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ կը գործեն դատարանի որոշումին համապատասխան: Աւելի ուշ, Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն, «իրաւապահները փաստաբանի ներկայութեամբ յանցագործութիւն կատարելու մեղադրանք առաջադրած են Սահակաշվիլիին»:

Մասնաւորաբար, ան մեղադրուած է Ուքրանիոյ քրէական օրէնսգիրքի 256-րդ յօդուածին առաջին մասով` յանցաւոր կազմակերպութիւններու անդամներուն օժանդակելու եւ անոնց գործունէութիւնը թաքցնելու յանցանքով: Այդ յօդուածով պատիժին համաձայն, Սահակաշվիլի կրնայ դատապարտուիլ երեքէն մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութեան: Նախապէս Սահակաշվիլիի փաստաբաններէն Փաւել Պոկոմազով լրագրողներուն յայտնած էր, որ Սահակաշվիլին մեղադրուած է սահմանադրական կարգը տապալելու փորձի մէջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սահակաշվիլին շէնքէն դուրս բերած են ձեռնաշղթայով: Սահակաշվիլիի կողմնակիցները փորձած են իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն արգելք հանդիսանալ զինք տեղափոխելու մեկուսարան:








All the contents on this site are copyrighted ©.