2017-12-06 10:33:00

7 դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ Լաւրով-Թիլըրսըն հանդիպում


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 7 դեկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան Վիեննայի մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին 5 դեկտեմբերին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

«Կարելի չէ ըսել, որ երկխօսութիւն չկայ: Անիկա կ՛ընթանայ, իսկ քանի մը ուղղութիւններով` բաւական աշխուժ, ներառեալ կանոնաւոր կերպով հաղորդակցութեան մէջ են նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ռեքս Թիլըրսընը», ըսած է Ռիապքով` աւելցնելով. «Անոնց մօտակայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 7 դեկտեմբերին»:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.