2017-12-05 08:33:00

Երեւանի 90 շէնքերու տանիքներուն վրայ պիտի տեղադրուին արեւային վահանակներ։


Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախագահութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին, զեկուցուեցաւ, որ արդէն իսկ յստակացած է Եւրոմիութեան կողմէ «Քաղաքապետերի դաշնագիր» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տրամադրուած դրամաշնորհի միջոցներով շուրջ 90 բազմաբնակարան շէնքերու տանիքներուն վրայ արեւային վահանակներ տեղադրելու, ինչպէս նաեւ տուեալ շէնքերու ընդհանուր օգտագործման ելեկտրականութեան ապահովման նպատակով վերելակները, շքամուտքերը եւ բակային տարածքները LED լուսատուներով լուսաւորելու ծրագիրի իրականացման ժամանակացոյցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.