2017-12-04 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը՝ տարեցներն ու իմաստութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 4 դեկտեմբեր 2017-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դետկեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը նուիրուած՝ տարեցներու եւ անոնց իմաստութեան։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ՛ըսէ.

«Ժողովուրդ մը որ հոգ չի տանիր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն ու անոնց լաւ չի նայիր, ապագայ չունեցող ժողովուրդ մըն է։

Տարեցները ունին իրենց իմաստութիւնը։

Անոնց յանձնուած է պարտականութիւնը փոխանցելու կեանքի փորձառութիւնը, ընտանիքի պատմութիւնը, հասարակութեան մը ու ժողովուրդի մը պատմութիւնը։

Չի մոռնանք մեր տարեցները որպէսզի ընտանիքներու ու իշխանութիւններու աջակցութեամբ իրենց իմաստութեամբ ու փորձառութեամբ՝ համագործակցին նոր սերունդներու կրթութեան գործընթացին։








All the contents on this site are copyrighted ©.