2017-12-04 14:10:00

Հայաստանի մէջ հաշմանդամները կը կազմեն բնակչութեան մօտ 15 տոկոսը


Դեկտեմբեր 3-ին նշուեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու միջազգային օրը, եւ այդ առիթով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը ցանկանայ անդրադառալ այն ձեռքբերումներուն ու ներդրումին, որ ունեցած են Հայաստանի հաշմանդամ քաղաքացիները հասարակութիւնը աւելի արդար ու հաւասար դարձնելու հարցով:

Անոնց ներդրումը հասարակութեան մէջ կը դրսեւորուի տարբեր ձեւերով: Անոնք խորհրդարանականներ են, քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներ, ուսուցիչներ, իրաւաբաններ, արուեստագէտներ, աշխարհի ախոյեան դարձած մարզիկներ: Միջազգային ասպարէզի մէջ Հայաստանի հաշմանդամ քաղաքացիները հպարտութեամբ ներկայացուցած են իրենց երկրի մշակոյթն ու ժառանգութիւնը եւ ի ցոյց դրած իրենց ունեցած ձեռքբերումները:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հաշուարկներով` Հայաստանի մէջ հաշմանդամները կը կազմեն բնակչութեան շուրջ 15 տոկոսը:

Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 1992-էն նշուող հաշմանդամներու միջազգային օրը այս տարի կ՛ընթանայ «Դէպի կայուն ու կենսունակ հասարակութիւն` բոլորի համար» խորագրին ներքոյ: Հայաստան` իր ստորագրութիւնը դնելով Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներուն մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրին ու ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու ներքոյ, իր աջակցութիւնը յայտնած է այդ երկու փաստաթուղթերուն մէջ առաջ քաշուած հիմնական սկզբունքներու վերաբերեալ, այն է` որեւէ տեսակի հաշմանդամութիւն ունեցող ոեւէ անձի համար պէտք է ապահովուած ըլլան մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները:

Դեսպանութիւնը կը խրախուսէ Հայաստանի մէջ հաշմանդամներու իրաւունքներու խթանման ու իրազեկութեան մեծացման ուղղուած յետագայ աշխատանքներու իրականացումը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.