2017-12-04 12:27:00

Կարդինալ Սանտրի նշեց իր քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6.30,ին, Հռոմի «ԺԲ Առաքելոց» անուան եկեղեցւոյ  մէջ  արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը  իր քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանին առթիւ , որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արեւելեան եկեղեցիներուն  Քահանայապետական վարժարաններու տեսուչները, որոնց շարքին նաեւ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի տեսուչ Գերյ, Հայր Նարեկ Նաամոյեան։ 

Կարդինալ Սանտրին քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած է Պուէնոս Այրէսի նորընծայարանին մէջ  ՝2  դեկետմբեր 1967-ին։ 

Համապատարագի ընթացքին ծիրանաւորը յատուկէն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Իր քահանայայական ծառայութեան ընթացքին  հանդիպած եղբայրակիցներուն,  հարազատներուն, բարեկամներուն համար ինչպէս նաեւ արեւելքի եկեղեցիներուն համար ու մասնաւորապէս՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ դժուարութեան մէջ  գտնուող եկեղեցիներու դիտաւորութեամբ։

Յայտնենք  թէ՝ Երկուշաբթի, 4 դեկտեմբերին, ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ Կարինալ Լեոնարտօ Սանտրրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.