2017-12-03 11:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց 21-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը ու վերադարձաւ Վատիկան։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 2 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան 11-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Ֆիումիչինօ օդակայան, վերջ տալով Նորին Սրբութեան Քահանայապետութեան միջազգային 21-րդ առաքելական ճամբորդութեան որ զինք առաջնորդած էր նախ Միանմար ապա Պանկլատէշ, որպէս խաղաղութեան, սիրոյ եւ ներդաշնակութեան պատգամաւոր, նպատակակէտ ունենալով նախ ամրապնդել այդ երկու երկիրներու մէջ ապրող ու փոքրամասնութիւն կազմող կաթողիկէ եկեղեցին ու հաւատացեալները, քաջալերելով զանոնք ըլլալ խաղաղութեան, սիրոյ ու ներդաշնակութեան սերմ, ապա խթանելու միջկրօնական երկխօսութեան ու հանդուրժողականութեան ուղին՝ ի նպաստ  հասարակաց բարիքին եւ խաղաղութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկու վերոնշեալ երկիրներուն մէջ հանդիպումներ ունեցաւ տեղական քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, այցելեց կաթողիկէ եկեղեցիներ ու բարեսիրական հաստատութիւններ, գլխաւորեց  սրբազան արարողութիւններ, հանդիպեցաւ ապա տեղւոյն եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին հետ ինչպէս նաեւ երկու երկիներու կրօնապետերուն հետ, Միանմարի մէջ Պուտտայական կրօնապետերուն եւ Պանկլատէշի մէջ մահմետականներուն հետ, Ան ապա մասնակցեցաւ միջկրօնական երկու հանդիպումներու՝ նուիրուած խաղաղութեան ու երկխօսութեան, ուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց կրօններու դերակատարութիւնը ժողովուրդներու միջեւի խաղաղ համակեցութեան խթանումին ծիրէն ներս ու դատապարտեց բոլոր այն արարքները որոնք կը գործուին յանուն Աստուծոյ ու յանուն կրօնին։

Սրբազան Քահանայապետը երկու երկիրներու վերջին պաշտօնական հանդիպումը վերապահեց երիտասարդներուն, խրախուսելով զանոնք ըլլալ քաջ ու անվախ, յառաջ ընդանալու եւ իրականացնելու իրենց երազները՝ հիմնուած բարձր իտէալներու վրայ, խուսափելով անցողական երջանկութիւններէն ու աշխարհիկ ցրուումներէն։ Ան ապա յատկապէս յորդորեց՝ երբեք չի յուսալքուիլ ու միշտ վերանորոգել յոյսի «ծրագիրը», ակնաղբիւր ունենալով երէցներու իմաստութիւնը,  այն իմաստութիւնը որ կը բխի հաւատքէն, այն իմաստութիւնը որ կարելի է ընդունիլ երբ աշխարհին, հարցերուն եւ իրողութիւններուն կը նայինք ոչ թէ մեր՝ այն Աստուծոյ աչքերով։

Պանկլատէշէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ անոնցմէ խնդրելով որ իրեն ուղղեն միայն ճամբորդութեան հայող հարցումներ։ Այդ հարցումներու մեծ մասը կեդրոնացաւ «Ռոհինճա» մահմետական փոքրամասնութեան հարցի վրայ,  որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ինք ի սկզբանէ փափաք յայտնած էր անոնց հետ հանդիպիլ ու այդ հանդիպումը կարելի եղաւ միայն Պանկլատէշի մէջ՝ միջկրօնական հաւաքի աւարտին։ «Հանդիպման ընթացքին յուզուեցայ եւ արտասուեցի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով թէ ինք Ռոհինճա բառը չի հնչեցուց Միանմարի մէջ որովհետեւ իր նպատակն էր պատգամ մը հաղորդել իրեն քաղաքական զրուցակիցներուն։ «Եթէ ես պաշտօնական ճառին առթիւ այդ բառը արտասանէի, իմ զրուցակիցներուս դիմաց դուռը փակած պիտի ըլլայի։ Ես սակայն ուզեցի հարցը բացայայտել տարբեր խօսքերով որպէսզի ապա առանձնական հանդիպումներու ընթացքին աւելի խորացնէի զայն, ի միտ ունենալով միշտ այդ պատգամը հասանելի դարձնել ու երկխօսութեան դուռը չի փակել» ըսաւ Քահանայապետը բացայայտելով թէ «եթէ դուռը փակենք ու երկխօսութեան կարելիութիւն չտանք, պատգամը չի կրնար հասնիլ իր նպատակին»։

Նշենք թէ Ռոհինճա ցեղախումբը՝ Մինամարի մէջ մահմետականներու փոքրամաս հասարակութիւն մըն են որոնք այս վերջին ամիսներուն հալածանքի ենթարկուելով փախուստ տուին Միանմարի  Ռախինէ շրջանէն  ու ապաստանեցան սահմանակից Պանկլատէշի մէջ, ուր այսօր գաղթավայրերու մէջ  կ՛ապրին 700 հազարէ աւելի Ռիոհինճա ցեղախումբի անդամ գաղթականներ որոնցմէ փոքրիկ պատուիրակութիւն մը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին ու անոր ներկայացելու իրենց անձնական ու հաւաքական ողբերգութեան իրականութիւնը։ ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն Ռոհինճաները այսօր՝ աշխարհի մէջ ամենէ հալածուած  ցեղակրօնային խումբն են։

Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը գնահատեց Պանկլատէշի հիւրընկալ քաղաքականութիւնը որ՝ ըսաւ Ան, օրինակ հանդիսանալու է այլ երկիներուն ու կառավարութիւններուն։

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը  անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ  Քորէա միջեւ լարուածութեան ու ադոմական ռումբի գործածութեան սպառնալիքին  որ հասած է «օրինականութեան վերջին եզրին» ու մտահոգիչ է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հարկաւոր նկատելով ետքայլ կատարել փրկելու համար աշխարհը ու ստեղծագործութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ Հնդկաստան ճամբորդութիւն կատարելու իր իղձի մասին, յոյս յայտնելով որ ան կարելի դառնայ 2018-ին, այնպէս ինչպէս մատնանշեց Չինաստան կատարելու ճամբորդութեան մը կարելիութեան մասին, այս ծիրէն ներս նշելով երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական ու մշակութային յարաբերութիւններու միջոցաւ մօտեցումի գործընթացը, առ այժմ անկարելի նկատելով Չինաստան առաքելական ճամբորդութիւն մը։

Սրբազան Քահանայապետը պատասխանելով  ապա աւետարանումի եւ միջկրօնական երկխօսութեան հայող մէկ հարցումին հաստատեց  թէ աւետարանում չի նշանակեր «մարդորսութիւն», Աւետարանում կը նշանակէ բարի օրինակ հանդիսանալ, ապրիլ ու վկայել Աւետարանը հետեւելով երանութիւններուն, բարի սամարացիի օրինակին, ներելու մեր եղբայրները եօթը անգամ եօթանասուն, ապա թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին ներգործէ մեզ շրջապատող անձերուն մէջ, ու ի յարկին դարձի բերէ զանոնք։ «Մենք ըլլալու ենք պարզապէս Աւետարանի վկաներ ու երբ ապրինք վկայութեամբ ու յարգանքով խաղաղութիւն կը տիրէ» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտելով այս առընչութեամբ կրօններու միջեւ յարգանքի ու երկխօսութեան կարեւորութիւնը ի նպաստ խաղաղ համակեցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.