2017-12-02 08:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 21-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարած առաքելական  21-րդ միջազգային ճամբորդութեան վերջին օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ Տաքքայի ժամով առաւօտեան 9.15-ին (Հռոմի ժամով 4.15) երբ Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ   առաւ Տաքքայի առաքելական նուիրակութենէն եւ ուղղուեցաւ Տաքքայի Թեժկաօնի Մայր Թերեզայի անուան տուն որ է Քալքութայի Մայր Թերեզայի գթութեան քոյրերու միաբանութեան Տաքքայի մէջ մատակարարծ տուներէն ամենափոքրը եւ որուն բացումը կատարուած է 1976 թուականին եւ Սրբուհի Մայր Թերեզայէն ընտրուած էր որպէս իր բնակարանը ամէն անգամ որ այցելութիւն կու տար Տաքքային։

Թեժկաօնի Մայր Թերեզայի տուն ժամանելուն Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ տան մեծաւորուհիին ու տեղական եպիսկոպոսին  կողմէ ապա այցելեց եւ ողջունեց այնտեղ խնամուած մանուկներն ու տարեցները հուսկ փոխադրուեցաւ Սուրբ Վարդարանի  անուան աթոռանիստ եկեղեցի ուր տեղի ունեցաւ  1500 քահանաներու, կրօնաւորներուեւ նորընծաներու հետ հանդիպումը որուն ընթացքին քահանայ մը, միսիոնար մը, մայրպետ մը, կրօնաւոր մը եւ նորընծայ մը, իրենց կեանքի վկայութիւնները ներկայացուցին Նորին Սրբութեան ապա Ան անոնց ուղղեց իր սրտաբուխ պատգամը որուն աւարտին Մարեմեան աղօթքէն ու «Հայր Մեր»էն ետք Սրբազան Հայրը ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը ու փոխադրուեցաւ քովնտի ժողովրդապետութիւն ուր այցելեց հին եկեղեցին եւ գերեզմանատունը։

Հին եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ 200 որբերու հետ ու զանոնք խնամող կամաւորներու ու մայրապետներու հետ իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ Տաքքայի առաքելական նուիրակութիւն ուր մասնակցեցաւ իրեն ու իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան ի պատիւ սարքուած եղբայրական ճաշին։

Կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յանձնելով գրաւոր պատրաստուած ճառը անոնց ուղղեց սրտաբուխ խօսք մը որուն մէջ հաստատեց թէ կոչումը այն սերմն է որ պէտք է աճեցնեն ու խնամենք քնքշութեամբ, ուշադիր ըլլալով սատանային որ թակարդներ կը լարէ, ապա աղօթելով, ըսաւ Սրբազան Պապը, որպէսզի կարենեանք բարի սերմը զատել չար սերմէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց խուսափիլ շատախօսութենէ յառաջ եկած բաժանումներէ. Շատախօսութիւն որ ներդաշնակութեան թշնամին է, ըսաւ Ան, թելադրելով ներկաները անկեղծ գտնուելու մէկը միւսին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յանձնարարեց ըլլալ միշտ ուրախ նոյնիսկ ցաւի ու դժուարութեան պարագային։ «Փնտռեցէք խաղաղութիւնը ու գտէք ուրախութիւնը» ըսաւ Ան քահանաներու, կրօնաւոր- կրօնաւորուհիներու եւ նորընծաներու ուղղած իր պատգամին աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.