2017-12-02 09:51:00

«Լիբանանցիները ընտրեցին երկխօսութիւնը» շեշտեց վարչապետ Հարիրի


Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններուն լիբանանեան նոր դրօշներ զետեղելու եւ հրաժարելու պատռուած դրօշակներէն:

Միւս կողմէ, «Փարի Մաչ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց, որ իր հրաժարականին նպատակն էր Լիբանանի մէջ դրական ցնցում յառաջացնել եւ աշխարհին ապացուցել, թէ Լիբանան այլեւս ի վիճակի չէ Ծոցի երկիրներուն հարցերուն Հըզպալլայի միջամտութիւնները հանդուրժելու:

«Հըզպալլա Լիբանանի մէջ քաղաքական դերակատարութիւն ունի: Ճիշդ է, որ ան նաեւ զէնքեր ունի, սակայն զանոնք լիբանանեան հողերուն վրայ չի գործածեր: Բայց եւ այնպէս Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն, որ Հըզպալլա այդ զէնքերը նաեւ այլ վայրերու մէջ չգործածէ. այս է հիմնական խնդիրը», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ լիբանանցիները ընտրած են երկխօսութիւնը, որովհետեւ անոնք կը մերժեն քաղաքացիական նոր պատերազմ մը: «Մենք պիտի գործադրենք միացեալ քաղաքականութիւն մը, որուն հիմնական նպատակը Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումն է», ըսաւ ան:

Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի յաղթանակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ յաղթողները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին են եւ ոչ թէ Ասատը: «Ընդհակառակն` Ասատն է Սուրիոյ հիմնական հարցը», նշեց Հարիրի:

Հարցազրոյցին հրապարակումէն ետք կատարուած մեկնաբանութիւններուն իբրեւ պատասխան Հարիրի կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իր հարցազրոյցին մէջ արտայայտուած միտքերը արեւու պէս յստակ են` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աշխատին երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ, մինչդեռ ուրիշներ կ՛աշխատին երկրին մէջ սադրանքներ ստեղծելու ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.