2017-12-01 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պանկլատէշի մէջ. Երկրորդ օրուան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 1 դեկտեմբեր 2017-ին՝ առաքելական ճամբորդութեան հինգերորդ օրը եւ Պանկլատէշի այցելութեան երկրորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գործունէութիւնը սկսաւ տեղական ժամով 9.15-ին (Հռոմի ժամով 4.15-ին) փոխադրուելով   Տաքա մայրաքաղաքի  «Սուհրավարտի Ուտյան»  անուան հանրային պարտէզ ուր կը գտնուի նաեւ Հուսէյն Շատիտ Սուհրավարտիի անուան Անկախութեան Թանգարանը։ Սուհրավարտին եղած է Պանկլատէշի առաջին վարչապետը՝ 1946-1947 տարիներուն։

«Սուհրավարտի Ուտիան»  հանրային պարտէզի տարածք ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջեցաւ հաւատացեալներուն միջեւ ապա ուղղուեցաւ աւանդատուն ու թափորով մուտք գործեց հանրային պարտէզին մէջ այս առթիւ զետեղուած մատուր ուր նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան որուն առթիւ քահանայական ձեռնադրութիւն շնորհեց 16 նոր քահանաներու։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ Պապական նուիրակութեան պալատ ուր կէսօրուայ ճաշէն ու հակիրճ հանգիստէ մը ետք հանդիպում կ՛ունենայ Պանկլատէշի վարչապետ՝ Տիկ Շէխ Հասինայի հետ, հուսկ կ՛ուղղուի Տաքքայի առաջնորդարան ուր կը դիմաւորուի Տաքքայի առաջնորդ՝ Կարդինալ Փաթրիք Տրոզարիոյի կողմէ ու միասին մուտք կը գործեն Տաքքայի Անարատ Յղութեան  նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցի ուր Սրբազան Քահանայապետը կ՛օրհնէ երեք Քահանայապետերու Հովուական այցելութիւններուն նուիրուած յուշակոթողները, ապա կ՛ողջունէ ճամբորդութիւնը կազմակերպող կոմիտէի 20 անդամները։

Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ տուած այցելութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կ՛օրհնէ այնտեղ համախմբուած 700 հաւատացեալները ու պահ մը կ՛ամփոփուի Տաքքայի նախկին առաջնորդներու շիրիմներուն դիմաց հուսկ կ՛ուղղուի քովնտի   քահանաներու ծերանոց ուր հանդիում կ՛ունենայ Պանկլատէշի 10 եպիսկոպոսներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։ 

Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը կ՛օրհնէ ծերանոցին մէջ խնամուած 7 հիւանդ քահանաները ու կը փոխադրուի  Տաքքայի Արքեպիսկոպոսարանի պարտէզ ուր կը մասնակցի   խաղաղութեան ի սպաս ՝ միջ-կրօնային եւ համամիութենական հանդիպումին որուն առթիւ ի շարս այլ կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու ողջոյնի խօսքերուն, Նորին Սրբութիւնը եւս կ՛ուղղէ իր պատգամը, սոյն հանդիպումով եզրափակելով Պանկլատէշի այցելութեան երկրորդ օրուայ պաշտօնական յայտագիրը, թէեւ  միջկրօնական աղօթքի աւարտին, Ան հանդիպում կ՛ունենայ Պանկլատէշի մէջ ծառայող Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.