2017-12-01 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ կղերի ժողովի կողմէ գումարուած հաւաքի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 1-էն- 3 դեկտեմբեր 2017-ին, ի տես՝ 2018-ին երիտասարդներու մասին գումարուելիք  եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին ,  Քահանայապետական կրօնաւորական կեանքի եւ առաքելական ընկերութիւններու ժողովը , կազմակերպած է «հովուական ծառայութեան կոչում եւ կրօնային կեանք, հորիզոններ եւ յոյսերը» նիւթով միջազգային ժողով մը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  շուրջ 800 կրօնաւորներ  ու կրօնաւորուհիներ՝ որոնց շարքին, բանախօսներ, հոգեւոր խանդավառիչներ ,եւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած կոչումներու հովուական ծառայութեան գործիչներ։ 

Ժողովը կը գումարուի  Հռոմի Apostolorum Քահանայապետական համալսարանէն ներս։

Այս առթիւ ֆրանիչկսոս Պապ՝  1դեկտեմբերին, պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց վերոնշեալ ժողովի մասնակիցներուն, որուն մէջ ողջունելէ ետք ներկաները մաղթանք յայտնեց  ու իր աղօթքը ապահովեցուց ժողովին արդիւնաւէտութեան ու յաջողութեան համար ապա ներկայացուց կոչումի հովուական ծառայութեան հայող որոշ համոզմունքներ,  յատկապէս նշելով կոչումին զատորոշումին գործընթացը ու անոր նպատակը՝  որ  է օգնել հաւատացեալը ՝ բացայայտելու համար  շօշափելի ուղեւորութիւն մը՝ իրենց կոչումին   իրականացման համար։ 

 Ֆրանիչսկոս Պապ  անդրադարձ կատարեց նաեւ  կոչումի հովուական խնամակալութեան,  ընդգծելով որ կոչումի հովուական խնամակալութիւնը , համայն աւետարանացումի եւ եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան հոգին կը կազմէ։։    

Խօսելով  կոչումի հովուական խնամակալութեան  դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն մասին , նշեց թէ երիտասարդի մը «եկուր Քրիստոսին հետեւիր» առաջարկը՝ կը պահանջէ աւետարանական քաջութիւն, եւ համոզմունք ։ Համոզմունք,  թէ աւետարանի ի սպաս ամբողջական անձնուիրումը հմայիչ եւ  գեղեցիկ բան մըն է  եւ կ՝իմաստաւորէ բովանդակ կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին մէջ  ժողովականներու ուշադրութեան յանձնեց  երկու կէտեր.  

Առաջին, որ չկայ կախարդական պատասխաններ,  երկրորդ՝ թէ  կրօնային կեանքէն ներս , ինչպէս նաեւ համայն եկեղեցիէն ներս կը խնդրուի  իսկական հովուական ծառայութեան դարձ , ինչպէս նաեւ  ապրելակերպ .  այն պարագային երբ կ՝ուզենք  երիտասարդներուն մօտենալ  ՝անոնց առաջարկելու համար հաւատքի ուղեւորութիւն մը  եւ կոչումի առաջարկ։

Սրբազան Քահանայապետը ճառը աւարտեց քաջալերով բոլորը գործի լծուելու։  «երիտասարդները մեզի կը սպասեն, ժամանակը հասած է ուղեւորութեան մէջ դնելու մենք զմեզ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.