2017-12-01 18:02:00

Լատին Ամերիկայի քաղաքականութեան մէջ յանձնառու կաթողիկէներու հաւաքը Պոկոթայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 1 – 3 սեպտեմբեր 2017-ին Պոկոթայի մէջ տեղի կ՛ունենայ կաթողիկէ աշխարհականներու հաւաքը որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւն ընդգրկած են ի նպաստ Լատին Ամերիկեան ժողովուրդներուն։

Հաւաքը կազմակերպած է Լատին Ամերիկայի ի  նպաստ Քահանայապետական խորհուրդի եւ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական  համահաւաք դասերու խորհուրդի կողմէ եւ ձեռնարկուած է Ափարեսիտայի փաստաթուղթի տասներորդ տարեդարձին առթիւ։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ այս օրերուն կը գտնուի Պանկլատէշի մէջ ուզեց լսատեսողական յատուկ պատգամ մը ուղղել ժողովականներուն որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքական գործիչներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վերոնշեալ հաւաքին ինչպէս նաեւ ողջունեց հաւաքին մասնակցող եկեղեցական իշխանութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ «քաղաքականութիւնը սիրոյ մեծ ձեւ մըն է» եւ է նաեւ ծառայութիւն ի նպաստ ընկերութեան հասարակաց բարիքին։ Քաղաքականութիւնը ըսաւ Սրբազան Պապը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է ու որպէս ծառայութիւն ան ոչ ինքնավարութիւն եւ ոչ ալ բռնատիրութիւն կարող է ըլլալ» ու ակնարկելով Յիսուսի ծառայական օրինակին՝ որ է զոհողութեան ու նուիրումի ծառայութիւն, նշեց թէ այս մէկը խնդրուած է նաեւ քաղաքական գործիչներէն եւս։

«Հասարակաց բարիքը պէտք է հանդիսանայ ծառայութեան կեդրոն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին որ հասարակաց բարիքը կ՛որակէ որպէս «ընկերային կեանքի պայմաններու այն շարքը որ կարելի կը դարձնէ ու կը դիւրացնէ անհատներուն, ընտանիքներուն եւ ընկերակցութիւններուն կատարելագործութեան հետապնդումը։

Քահանայապետը դիտել տալով թէ պէտք չէ հակադրել ծառայութիւնը իշխանութեան  ակնարկեց «բարի քաղաքականութեան» գործընթացին ու եկեղեցւոյ գնահատանքը արտայայտեց այն մարդոց որոնք պատասխանատուութեամբ կը նուիրուին հանրային բարիքի ծառայութեան ապա անդրադարձաւ Լատին Ամերիկայի քաղաքական իրականութեան ու  քաղաքականութեան դերութիւններուն ու յատկապէս քաղաքական գործիչներու կազմաւորումի պակասին ինչպէս նաեւ բնակչութեան քաղաքական մարդոց վերապահած քննադատութիւններուն ի տես քաղաքականութեան պակասութիւններուն ու հաստատեց թէ «կարիքը կայ քաղաքական կարող ղեկավարներու որոնք կը գործեն ի նպաստ հասարակաց բարիքին, դիմագրաւելով ներկայ մարտահրաւէրները, առանց զանց ընելու զանոնք ու յատկապէս հզօրացնելով ընտանեկան ու ընկերային կառոյցը, հիմնուելով հանդիպումի մշակոյթի ու ներառող ժողովրդավարութեան վրայ որ մերժէ կաշառակերութեան ու գաղափարական գաղութացումի իրողութիւնը.։

«Խնամք տանինք մեր հասարակաց տան» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը, յորդորելով խուսափիլ անտարբերութեան որեւէ արարքէ ու այս առընչութեամբ նշեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի խօսքերը ուր ան կը մատնանշէ թէ պակասը կայ զօրաւոր անձնաւորութեամբ  կաթողիկէ քաղաքական գործիչներու՝ որոնք հետեւողական ըլլան իրենց բարոյական ու կրօնական համոզումներուն հետ։

«Շատեր. ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, իրենք զիրենք կաթողիկէ կը համարեն, սակայն յաճախ իրենց կեանքը չի համապատասխաներ իրենց համոզումներուն ու կաթողիկէ վարդապետութեան սկզբունքներուն»,  ասոր համար է որ ուզեցի շեշտը դնել կաթողիկէ աշխարհականներու Լատին Ամերիկայի հանրային կեանքէն ներս յանձնառումի անհրաժեշտութեան վրայ, աւելցուց Ան հրաւէր ուղղելով կաթողիկէ աշխարհականներուն անտարբեր չ՛ըլլալ հանրային հարցերու նկատմամբ ու ու այս ծիրէն  ներս արտայայտուեցաւ «հովիւ - քաղաքական անձնաւորութիւն» յարաբերութեան վերաբերմունքի մասին, յանձնարարելով անոնց միջեւ հաստատել անկեղծ երկխօսութիւն մը որմէ քաղել լուսաւորող տարրեր եւ ուղղութիւն տուող տարրեր Եկեղեցւոյ այժմէական առաքելութեան համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.