2017-11-30 08:49:00

Լա Հէյի դատարանին մէջ վճիռի հրապարակումէն ետք դատապարտեալը թոյն խմած է։


Լա Հէյի միջազգային դատարանին մէջ նախկին Եուկոսլաւիոյ հարցով դատական նիստի ընթացքին խրուաթ զօրավար Սլոպոտան Փրալիաք վերաքննիչ ատեանի վճիռին ընթերցումէն ետք թոյն խմած է:

«Մետուզա» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Լա Հէյի մէջ քննուած է Փրալիաքի եւ 5 այլ պոսնիացի խրուաթներու ներկայացուցած բողոքարկումը, որով կը վիճարկուէր զինուորական յանցագործութիւններու համար 2013-ին արձակուած վճիռը: Յայտնի է, որ 4 տարի առաջ դատարանը Փրալիաքը դատապարտած էր 20 տարուան բանտարկութեան:

Կը նշուի, որ Փրալիաք թոյն խմած է վճռաբեկ ատեանին կողմէ վճիռին վերահաստատումէն ետք: Միջադէպին պատճառով դատական նիստը դադրեցուած է:

Անոր փաստաբանին համաձայն, դատապարտեալը սրուակով թոյնը խմած է ելոյթ ունենալու ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.