2017-11-29 08:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Միանմարի մէջ արտասանած քարոզը՝ գործել իմաստութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Միանմար կատարած առաքելական ճամբորդութեան , 29 նոյեմբերի երրորդ օրուայ յայտագիրը  սկսաւ  առաւօտեան,  տեղական ժամով 8.30-ին (Իտալիոյ ժամով 3.00)  «Kyaikkasan Ground» անուան մարզադաշտին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 150 հազար հաւատացեալներ եւ որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելէ առաջ օրուան սուրբ գրային ընթերցումները յայտնեց թէ ինք շատ սպասած էր այս պահը։

«Ես եկայ որպէս ուխտաւոր ունկնդրելու ձեզ ու ձեզմէ սորվելու ապա ձեզի նուիրելու յոյսի եւ մխիթարութեան խօսքեր», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Դանիէլ մարգարէի իմաստութեան ու անոր կարողութեան մեկնաբանելու Տիրոջ մեծ խորհուրդները, որոնց «իսկական թարգմանիչը Յիսուսն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Ան նոյնինքն Աստուծոյ իմաստութիւն է որ մեզի իմաստութեան ուղին ցոյց տուաւ ոչ թէ մեծ արարքներով այլ իր կեանքը նուիրելով խաչին վրայ։ Խաչին մէջ արդարեւ մենք կը գտնենք իմաստութիւնը որ կարող է առաջնորդել մեր կեանքը Աստուծմէ բխած լոյսով։  Խաչէն յառաջ կու գայ ապաքինումը։ Այնտեղ Յիսուս իր վէրքերը նուիրեց Հօր՝ մեզի համար, ու այդ վէրքերու միջոցաւ մենք բուժուեցանք։

«Ես քաջատեղեակ եմ որ Միանմարի մէջ կան շատեր որոնք իրենց վրայ կը կրեն բռնութեան տեսանելի եւ անտեսանելի վէրքեր». ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով Քրիստոսի վէրքերուն մէջ գտնել իմաստութիւնը ուր Յիսուս ներումով եւ կարեկցութեամբ պատասխանեց ատելութեան ու մերժումին։

Յիսուս արդարեւ մեզի եւս կու տայ այդ իմաստութիւնը ու զայն կ՛ընէ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ մեզմէ իւրաքանչիւրս դարձնելով նշան այն իմաստութեան որ կը յաղթէ այս աշխարհի իմաստութիւնը ու նշան ողորմութեան որ կը սփոփէ նոյնինքն ամէնէ ցաւալի մեղքերը, վստահեցուց Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով ներկաները մխրճուիլ  Քրիստոսի վէրքերուն մէջ ու անոնցմէ ընդունիլ ողորմութեան անուշահոտ ու բուժիչ բոյրը որպէսզի դառնան  այն հաշտութեան ու խաղաղութեան հաւատարիմ վկաները զոր Աստուած կ՛ուզէ որ իշխէ իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու ամէն մէկ հասարակութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Միանմարի եկեղեցւոյ այդ ուղղութեամբ տածած աշխատանքին որուն միջոցաւ  բազմաթիւ մարդիկ, կիներ եւ երախաներ օգնութիւններ կ՛ընդունին, անկախ իրենց կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութենէն։

«Կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու միւսներուն հետ կիսել ձեր ընդունած  անգնահատելի իմաստութիւնը որ է Աստուծոյ սէրը որ կը բխի Յիսուսի սրտէն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը վստահեցնելով որ Տէրը պիտի գնահատէ անոնց ջանքերը՝ սերմանելու բուժումի ու հաշտութեան սերմեր, ընտանիքներուն ու համայնքներուն մէջ։ Անոր ներումի եւ ողորմութեան պատգամը ունի տրամաբանութիւն մը որ բոլորը կարող չեն ըմբռնել, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը աւելեցնելով թէ «բայց եւ այնպէս Անոր Խաչին վրայ յայտնուած սէրը ի վերջոյ դադար չունի ու կը նմանի Հոգեւոր մէկ «GPS»-ի (ուղեցոյց) որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած ու մեր ընկերը»։

Թող որ Սուրբ Կողս Մարիամը որ իր զաւակին հետեւեցաւ նոյնիսկ գողգոթայի խաւարին մէջ, մեզի ընկերանայ ու մեզի համար ընդունի շնորհքը ըլլալու պատգամաւորները իսկական իմաստութեան, խորապէս ողորմած կարիքաւորներու նկատմամբ, այն ուրախութեամբ որ կը բխի Յիսուսի վէրքերուն մէջ հանգչելէն, Յիսուս որ մեզ սիրեց մինչեւ մահ։

Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։ Օրհնէ Միանմարի Եկեղեցին եւ օրհնէ այս երկիրը իր խաղաղութեամբ։ Աստուած օրհնէ Մինամարը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.