2017-11-29 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Պուտտայական«Սանկա» գերագոյն խորհուրդի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Միանամար կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին- Եանկոնի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Պուտտայական կղերականներու «Սանկա» գերագոյն խորհուրդի անդամներուն հետ։ Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ  Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց սոյն հանդիպումը , որ առիթ ընծայեց,  ըսաւ Ան, ամրապնդելու կաթողիկէներուն եւ Պուտտայականներու  միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններն ու յարգանքը,  ինչպէս նաեւ առիթ եղաւ հաստատելու, խաղաղութեան,  մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի  եւ իւրաքանչիւր այր  մարդու ու  կնոջ  արդարութեան ի սպաս երկու կրօններու  յանձնառումը։   

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ ոչ միայն Միանմարի մէջ այլեւ բոլոր աշխարհի մէջ համայն մարդիկ կարիք ունին այսպիսի կրօնապետերու հասարակաց վկայութեան,  որովհետեւ   արդարութեան , խաղաղութեան եւ իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատուութեան արժանիքներու միաձայն հաստատումի միջոցաւ է , որ  յոյսի խօսքը մը կը շնորհուի։

Ան ապա անդրառնալով, թէ  դարերու հոլովոյթին, մարդկութիւնը փորձարկած է անարդարութեան արարքներ , պայքարի պահեր  եւ անձերու միջեւ անհաւասարութեան  երեւոյթներ, դիտել տուաւ որ մեր ապրած ժամանակաշրջանի դժուարութիւնները   յատուկէն ծանր կը համարուին  , սակայն պէտք չէ յուսալքուիլ  սոյն դժուարութիւններուն դիմաց,  այլ հիմնուելով  երկու կրօններու  հոգեւոր աւանդութիւններուն  վրայ՝   գտնել  յառաջ ընթանալու ուղի մը՝ զոր կ՝առաջնորդէ դէպի դարմանում, լռելեան փոխ հասկացողութիւն ՝ հիմնուած կարեկցութեան եւ սիրոյ վրայ։  Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց բոլոր այն անձերը, որոնք Միանմարի մէջ կ՝ապրին  Պուտտայական կրօնքի աւանդութիւններուն համաձայն, նշելով թէ Պուտտայի ուսուցումներու ընդմէջէն եւ անթիւ կրօնաւորուհիներուն  եւ կրօնաւորներուն վկայութեան միջոցաւ, Միանմարի ժողովուրդը կազմաւորուած է համբերութեան արժանիքներով, հանդրժողութեան եւ կեանքի ինչպէս նաեւ  կենսոլորտի հանդէպ յարգանքով. արժանիքներ, որոնք կը  նպաստեն, ընկերութեան համապարփակ զարգացումին – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա խօսելով ժողովուրդներուն միջեւ միութեան մասին, անհրաժեշտ նկատեց  անհասկացողութեան, անհանդուրժողութեան, ատելութեան եւ նախապաշարումի ամէն կերպերու վերացումը , յիշելով Պուտտայի  եւ Սուրբ Ֆրաչիսկոս Ասիզիի այն  խօսքերը,  որոնք կը թելադրեն  ատելութիւնը սիրով հակադարձել, թշնամութիւնը՝ ներումով, խաւարը՝ լոյսով, ու մաղթեց որ սոյն իմաստուն խօսքերը շարունակեն ներշնչման  աղբիւր հանդիսանալ համբերութեան՝ փոխ հասկացողութեան ի սպաս  ի գործ դրուած ջանքերուն, դարմանելու համար պատմութեան հոլովոյթին տեղի ունեցած հակամարտութիւններու վէրքերը, որոնք պատճառ դարձան ժողովուրդներու եւ զանազան մշակոյթներու, ցեղերու եւ կրօնային համոզմունքներուն միջեւ  բաժանումի։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գոհունակութիւն յայտնեց Panglong Peace  խաղաղութեան ի նպաստ գումարուած  համաժողովի  աշխատանքներուն համար եւ այս առնչութեամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց, դիտել տալով որ վերջերս Միանամարի մէջ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը գումարած է  խաղաղութեան մասին  երկօրեայ ժողով մը,  որուն իրենց մակասացութիւնը բերած են նաեւ  այլ կրօնապետեր եւ ոչ պետական կազմակերպութիւններ, ընդգծելով  այսպիսի  հանդիպումներու  անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը նպաստեն իսակական արդարադատութեան եւ մշտական խաղաղութեան կերտման։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտեց, որ կաթողիկէներն ու Պուտտայականները կարենան միասնաբար ընթանալ դարմանումի երկար ուղիէն եւ քով քովի գործեն Միանամարի  ու իւրաքանչիւր բնակիչի բարիքին համար։  Ան ապա յանուն կաթողիկէ եղբայրներու ու քոյրերուն  պատրաստակամութիւն յայտնեց Պուտտայականներ հետ շարունակել՝ խաղաղութեան, դարմանումի,  յոյսի եւ կարեկցութեան սերմը մշակել։      Սրբազան Քահանայապետը Ճառը աւարտեց խաղաղութեան եւ ուրախութեան աստուածային օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.