2017-11-29 10:22:00

Տարբեր ցեղերու պատկան մանուկներ Քահանայապետին շուրջ. Ապագայի յոյսի նշոյլ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ՝ 27 նոյեմբերին  ժամանած էր Միանմար եւ այնտեղ արտասանած պաշտօնական իր առաջին ճառին մէջ ակնարկած էր իւրաքանչիւր անհատի ու ցեղային խումբի ինքնութեան յարգանքին ինչպէս նաեւ ներառող ընկերային համակարգի մը ստեղծման անհրաժեշտութեան, ի տես Միանմարի վերջին տարիներու պատմութեան որ յատկանշուած է ներքին ցեղային բաժանումներով ու հակամարտութիւններով։

Նորին Սրբութեան ժամանումը Միանմար կարծէք արդեն տուաւ իր սպասուած արձագանքը եւ Քահանայապետին՝ երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու արտասանած առաջին պաշտօնական ճառէն առաջ, խօսքերէն անդին տեղի ունեցաւ գեղեցիկ իրադարձութիւն մը երբ  զանազան աւանդութիւններու աւանդական զգեստներով խումբ մը մանուկներ բեմ բարձրացան ու համախմբուեցան Քահանայապետին շուրջ, որպէս ներկայացուցիչներ Միանմարի զանազան ցեղախումբերուն, պատկերացնելով  ապագայի ձգտումներու հռչակագիր մը։ Ապագայ մը որ  կարող ըլլայ խօսքերը դարձնել պատմութիւն, հաշտութիւն գտած Միանմարի մը մէջ, ինչպէս յոյս յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.