2017-11-29 09:06:00

Նախագահ Աուն պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Իտալիա։


Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ազդակ օրաթերթի տեղեկատուութեամբ,  այսօր՝ 29 նոյեմբերի առաւօտեան կանուխ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իտալիա` ընդառաջելով Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հրաւէրին:

Այցելութիւնը կը միտի երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական գործակցութիւնը աշխուժացնել գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Մեկնումէն առաջ  նախագահ Աուն յատուկ հանդիպում ունեցաւ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ ու հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունին հրաժեշտ տուած է` անոր Հռոմ կատարելիք այցելութեան առիթով, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած է Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահ Աուն իր իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ կրցած է տագնապը շրջանցել եւ երկիրը ուրախ ու դրական մթնոլորտի մէջ պահել:

Ան մաղթեց, որ նախագահ Աունի կատարած խորհրդակցութիւնները յանգին լիբանանցիներուն ակնկալած արդիւնքներուն:

«Նախագահ Աուն ձեռնարկեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններու, եւ կը յուսանք, որ այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները ըլլան դրական», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն յայտնած է, թէ Իտալիայէն վերադառնալէ ետք կառավարութիւնը պիտի գումարէ նիստ մը, եւ խորհրդակցութիւնները պիտի ըլլան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին վրայ:

Ռայի պատրիարքը եզրափակեց ըսելով, որ եթէ կարիքը զգացուի, իրենք պատրաստ են հրաւիրելու քրիստոնեայ-իսլամական վեհաժողովի մը, սակայն ներկայիս պիտի սպասեն նախագահ Աունի խորհրդակցութիւններուն, որոնք ըստ երեւոյթին յաջողութեամբ պիտի պսակուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.