Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու նախագահները քննարկած են «իբրեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի գոյացման համար օրինական միակ բեմահարթակ Ժընեւի հոլովոյթի կարեւորութիւնը»:
Ըստ Սպիտակ տան, Թրամփ եւ Մաքրոն շեշտած են «Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը քայքայող իրանեան գործունէութեան դիմակայման կարեւորութիւնը»:
Երկու երկիրներու նախագահները համաձայնած են, որ բոլոր երկիրներու ղեկավարները առաւելագոյն ճնշում բանեցնեն Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութեան վրայ` զայն իր հիւլէական փառամոլութենէն ետ մղելու համար:
Սպիտակ տան բանբեր Սարա Սենտըրզ իր կարգին պատասխանելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին մասին հարցումի մը ըսաւ. «Սուրիոյ վերաբերեալ ամերիկեան քաղաքականութիւնը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած»:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց մասնակցելու Ժընեւի բանակցութիւններու նոր փուլին, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի ջանքերուն:
All the contents on this site are copyrighted ©. |