2017-11-28 08:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան հայող Վատիկանի Նամականիշը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016 թուականի առաքելական վեց ճամբորդութիւններուն նուիրուած յատուկ փոստային նամականիշերու շարքին, անցեալ 23 նոյեմբերին հրապարակուեցաւ նաեւ Նորին Սրբութեան Հայաստան կատարած պատմական այցելութիւնը յիշատակող նամականիշը որուն հեղինակն է Տանիէլա Լոնկոն, ինչպէս կը յայտնէ Վատիկանի նամականիշերու պաշտօնական կայքէջը, ուր նշուած է նաեւ թէ նամականիշը կը պատկերացնէ «Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան ծիրէն ներս, Անոր ամփոփումը Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրին մէջ»։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայաստանը այցելած էր 24 -26 Յունիս 2016, ու 25 յունիսին, նախ քան Գիւմրի մեկնիլը՝ այցելած էր  Ծիծեռնակաբերդը  յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու մատեանի  մէջ արձանագրած էր հետեւեալ գրութիւնը.  «Այստեղ կ՝աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ բարութեամբ յաղթահարել չարը: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ո՛չ պղտորել, ո՛չ մոռացումի ենթրակել: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.