2017-11-28 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Միանմարի ապագան ըլլալու են երիտասարդութիւնն ու խաղաղութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին Միանմար կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան 11.15-ին (Հռոմի ժամով 5.45-ին) Անոր մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ  ապա՝ Եանկոնի առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցած կէսօրուայ ճաշէն ետք Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Եանկոնի օդակայան ուրտեղէն մեկնեցաւ դէպի Միանմարի Մայրաքաղաք Նայ Փյի Թաու որ կը նշանակէ «Թագաւորներու նստավայր» ու մէկ ժամ 5 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ ետք՝ տեղական ժամով 15.05-ին (Հռոմի ժամով 9.35-ին) ժամանեց Նայ Փյի Թաու օդակայան ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հիւրընկալութեան արարողութիւնը ապա, Քահանայապետը ուղղուեցաւ Նախագահական Պալատ որուն մուտքին  դիմաւորուեցաւ երկրի նախագահ՝ Հթին Իքաուի կողմէ ու տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգը, երկու երկիրներու քայլերգերու կատարումը, զինուորական պատուոյ արարողութիւնը ու երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում, որմէ ետք Քահանայապետն ու Նախագահը մուտք գործեցին Նախագահական Պալատ, ուր Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց Պատուոյ Մատեանը, ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ երկրին նախագահին հետ ու հանդիպեցաւ նախագահի ընտանեկան պարագաներուն։ Նուէրներու փոխանակումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ  ուղղուեցաւ նախագահական պալատի դիւանագիտական մարմնի դահլիճ, ուր հանդիպում ունեցաւ Պետական Խորհրդատուի ու արտաքին գործոց նախարար՝ Տիկ Աունկ Սան Սիու Շիի հետ որ 1991-ին արժանացած էր խաղաղութեան նոպէլեանին, սակայն միայն 2012-ին կարողացած էր զայն ընդունիլ, տրուած ըլլալով որ ան 15 տարիներ ամբողջ ենթարկուեցաւ կալանաւորումի, իր «ազգային ժողովրդավարութեան ի նպաստ» հիմնած միութեան համար։

Տիկ Աունկ Սան Սիու Շիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ  ուղղուեցաւ «Myanmar international Convention Center» կեդրոն ուր հանդիպում ունեցաւ երկրին ու քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ու Պետական Խորհրդատուի արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղեց իր պատգամը որուն մէջ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց Միանմար հրաւիրուած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ՝ Նախագահական Խորհրդատուի կողմէ  իրեն ուղղուած սիրալիր խօսքերուն համար ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք անխոնջ աշխատեցան ճամբորդութիւնը կարելի դարձնելու համար։

«Ես եկայ նախ եւ առաջ աղօթելու այս երկրի փոքրիկ սակայն ջերմեռանդ կաթողիկէ հասարակութեան հետ, զանոնք վերահաստատելու համար իրենց հաւատքին մէջ ու խրախուսելու զանոնք նպաստելու՝ երկրին բարիքին» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Միանմարի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ վերջերս հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններուն այդ մէկը նկատելով որպէս նշան Միանմարի յանձնառումին յարատեւելու կառուցողական երկխօսութեան ու համագործակցութեան մէջ ապա քաջալերեց համայն Միանմարի բնակչութիւնը գործելու ի նպաստ ընկերային արդարութեան, հաշտութեան ու ներառումին։

Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ Միանմարի բնական հարստութիւններու գեղեցկութեան ինչպէս նաեւ անցեալի հակամարտութիւններուն ու իր մաղթանքը յայտնեց որպէսզի վերջնականապէս կասեցուին բոլոր բռնութիւնները ու վերականգնուի վստահութիւնը ու բոլոր մարդկային իրաւունքները,  հաստատելով թէ խաղաղութեան ու հաշտութեան կառուցման դժուար գործընթացը կարելի է միայն արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու յարգանքի ուղղութեամբ տարուած յանձնառումով։ Արդարութիւնը արդարեւ, ըսաւ Քահանայապետը, հիմքն է իսկական ու մնայուն խաղաղութեան ակնարկելով Բ Աշխարհամարտի աւարտին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ստեղծումին ու մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրին, որոնք հիմքը կը կազմեն, ըսաւ Ան, միջազգային հասարակութեան ջանքերուն՝ համայն աշխարհին մէջ խթանելու արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, մարդկային զարգացումը ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններուն լուծումներ որոնելու երկխօսութեան եւ ոչ թէ ուժի կիրարկումի միջոցաւ։

«Միանմարի ապագան ըլլալու է խաղաղութիւնը՝ խաղաղութիւն հիմնուած ընկերութեան իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքի արժանապատուութեան յարգանքի վրայ, ու յարգանք ամէն մէկ ցեղախումբի ու անոր ինքնութեան» յարեց ապա  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց  հաշտութեան ու ազգային ներառումի գործընթացին մէջ կրօնական հասարակութիւններու դերակատարութեան, հաստատելով թէ կրօնական տարբերութիւնները պէտք չէ դառնան բաժանումի առիթ, այլ ամրապնդելու են միութիւնը, ներումն ու հանդուրժողութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր մը խաղալու են հոգեկան ու հոգեբանական վէրքերը բուժելու աշխատանքին մէջ, կառուցելով երկխօսութեան կամուրջներ ու որոնելով միշտ արդարութիւնը։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը յոսի մեծ նշան նկատեց երկրի կրօնական զանազան աւանդութիւններու յանձնառումը համագործակցելու միասին, ներդաշնակ ու յարգելի հոգիով, ի նպաստ խաղաղութեան, աղքատներու խնամակալութեան ու մարդկային եւ կրօնական իսկական արժէքներու խթանումին։ «Անոնք ապա հանդիպումի եւ զօրակցութեան մշակոյթի կառուցման ծիրէն ներս կը նպաստեն հասարակաց բարիքին ու բարոյական հիմքը կը դնեն յոյսի ու ծաղկուն ապագայի մը, ի նպաստ ապագայի սերունդներուն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով այս առընչութեամբ երիտասարդներուն զանոնք նկատելով պարգեւ որ պէտք ի սիրել, քաջալերել ու ներգրաւել, որովհետեւ՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Միանմարի ապագան կախեալ է նաեւ անոնց կազմաւորումէն, յատկապէս մարդկային արժէքներու ծիրէն ներս։ Առ այդ՝ աւելցուց Սրբազան Պապը, մեր երիտասարդները աճելու են պատշաճ միջավայրի մէջ, ուր անոնցմէ չի յափշտակուի յոյսը ու կարող ըլլան իրենց «քանքարները» դնել իրենց երկրի ապագայի ու համայն  մարդկային ընտանիքի  կառուցման ծրագրի ծառայութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց յոյս յայտնելով որ միջ կրօնական յարգալիր համագործակցութեան միջոցաւ բացուի նոր դարաշրջան մը այս սիրալիր երկրի բնակչութեան համար։ Երկար կեանք Միանամրին։ Շնորհակալութիւն ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու բոլորին վրայ հայցեց աստուածային օրհնութիւններ՝ իմաստութեան, զօրութեան ու խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.