2017-11-28 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Մայանմարի կրօնապետերուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2017-ին, Մայանամրի ժամով առաւօտեան 10.00ին, (Հռոմի ժամով 04.00ին), Մայնմարի Եանկոնի Արքեպիսկոպոսարանէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Մայնմարի  17 կրօնապետերու հետ, որոնց շարքին մահմետականներ, Հինտուներ, Հրէաներ, կաթողիկէներ եւ այլ դաւանանքի կրօնապետեր։  Հանդիպումը տեւեց  շուրջ 40 վայրկեան։  

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնին խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  մէջբերելէ ետք Սաղմոսարանէ հատուած մը,  ընդգծած  է միութեան գեղեցկութիւնը  նշելով  «ինչքան գեղեցիկ է եղբայրները  տեսնել միացած»  ընդգծելով թէ միութիւնը սակայն չի նշանակեր բոլորս  հաւասար ըլլալ։

«Միութիւնը միակերպութիւն չէ, նաեւ միեւնոյն դաւանանքէն ներս ։  Իւրաքանչիւրը ունի իր արժանիքները, իր հարստութիւնները ինչպէս  նաեւ իր  պակասութիւնները»  ըսաւ նորին Սրբութիւնը աւեցնելով , «բոլորս իրարմէ տարբեր ենք եւ իւրաքանչիւր դաւանանք ունի իր հարստութիւնները ու աւանդութիւնները  բաժնեկցելու. սա կարելէ է լոկ՝ երբ խաղութեան մէջ կապրեցուի։ Խաղաղութիւնը տարբերութիւններուն  մէջ կր կերտուի ։ եւ Միութիւնը, միշտ տարբերութիւններուն մէջ կը շնորհուի ։   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով Խաղաղութեան վրայ յարեց «Խաղաղութիւնը ներդաշնակութիւն  է ։ Մեր օրերուն, դէպի միակերպութեան եւ ամէնքը հաւասարեցնելու  համաշխարհային ձգտումը  կը փորձարկենք ։  Սա կը նշանակէ մարդկութիւնը սպաննել։  Սա մշակութային գաղութատիրութիւն է»։    

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ապա  հասկնալ՝  բարոյական, կրօնային, ժողովրդային տարբերութիւններու հարստութիւնները,   եւ որպէս եղբայրները  իրար զիրա օգնել, կերտելու համար խաղաղութիւնը։ Մայնմարը,  աշխարհագրական գետնի վրայ  ունի անթիւ տարբերութիւններ եւ հարստութիւնները եւ  անոր բնութիւնը հարուստ է տարբերութիւններով։ Չի վախնանք այդ տարբերութիւններէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքին աւարտին հաստատեց «Մէկ է մեր Հայրը։ Եղբայրներ ենք, եւ եղբայրներ  կը մնանք» ապա կոչ ուղղեց կերտելու խաղաղութիւն խուսափելով մշակոյթներու միակերպելու գաղութատիրութիւններէն, ու հաստատեց թէ  աստուածային իսկական ներդաշնակութիւն կը կերտուի տարբերութիւններու ընդմէջէն որովհետեւ տարբերութիւնները  խաղաղութեան ի նպաստ հարստութիւն կը նկատուին։.   








All the contents on this site are copyrighted ©.