2017-11-28 09:49:00

Մինչ 2020 թուականը Եւրոմիոթիւնը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 170 միլիոն Եւրօ


Եւրոմիութիւնը 25 տոկոսով պիտի մեծցնէ Հայաստանի զարգացման ուղղուող աջակցութիւնը` տրամադրելով նաեւ տեխնիկական աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման նպատակով, որ պիտի կազմէ ամենամեայ գործողութիւններու ծրագրի մեծ մասը:  «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքի:

 «Մինչեւ 2020 թուականը միասնական աջակցութեան ծիրէն ներս պիտի տրամադրուի 170 միլիոն եւրօ: Սակայն ասիկա չի սպառեր այն հնարաւորութիւնները, որոնք կրնան բացուիլ այս համաձայնագրի ստորագրումով»,- ըսած է պաշտօնեան:

Անդրադառնալով համաձայնագրէն բխող քայլերու կատարման արդիւնքով սպասուող տնտեսական օգուտներուն` Փիթըր Սուիթալսքի նկատել տուաւ,  որ այս փաստաթուղթը կը պարունակէ նոր տարրեր, որոնք համադրելի են Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կարգին հետ, միեւնոյն ժամանակ կրնան ծառայել երաշխիք եւրոպացի տնտեսվարողներու ու ընկերութիւններու համար` մեծցնելու առեւտուրի ծաւալն ու ներդրումները Հայաստանի մէջ:

«Մենք յոյս ունինք, որ այս տարրերը հանդէս կու գան որպէս երաշխիք` վկայելով Հայաստանի մէջ գործարարութեան ժամանակակից, արեւմտեան չափորոշիչներու մասին: Մենք կը կարծենք, որ այս համաձայնագիրը խրախուսող դեր պիտի ունենայ ընկերութիւններու համար»,- աւելցուցած է Փիթըր Սուիթալսքի:

 Պրիւքսելի մէջ Նոյեմբեր 24-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի ներկայութեամբ ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.