2017-11-28 09:56:00

41 երկիրներէ բաղկացած ահաբեկչութեան դէմ Իսլամական նոր դաշինքը ակսած է իր աշխատանքին


Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը 26 նոյեմբերին յայտարարած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի 41 պետութիւններէ բաղկացած իսլամական նոր դաշինքի աշխատանքի սկիզբը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը:

Դաշինքին անդամները կը պատրաստուին միաւորելու իրենց «զինուորական, ելեւմտական եւ քաղաքական ջանքերը»` ահաբեկչութեան դիմադրելու համար: Մոհամետ պըն Սալման նշած է, որ պիտի համագործակցին նաեւ դաշինքի անդամ երկիրներուն գաղտնի սպասարկութիւնները:

Զինուորական դաշինքին հիմնականին մէջ անդամ են սիւննի երկիրները: Ո՛չ Իրանը, ո՛չ Իրաքը, ո՛չ ալ Սուրիան դաշինքին մաս կը կազմեն:

Բացակայողներու շարքին է նաեւ արաբական շարք մը երկիրներու կողմէ պոյքոթի ենթարկուած Քաթարը, որ նախապէս կը մասնակցէր զինուորական դաշինքին:

Դաշինքի ստեղծման մասին Ռիատի մէջ յայտարարուած էր դեկտեմբեր 2015-ին: Այդ ժամանակ ատոր անդամ էին 31 երկիրներ, ներառեալ Քաթարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.