2017-11-27 11:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը սաւառնած երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ դէպի Մայանմար առաջնորդող  թռիչքի ընթացքին ողջոյնի հեռագիրեր  յղեց  այն երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն որոնց  օդային տարածքին  վրայէն սաւառնեց որոնց շարքին ՝ Իտալիոյ, Խրուաթիոյ, Պոզնիա -Հերցեկովինա, Մոնթենեկրօ, Սերպիոյ, Պուլկարիոյ , Թուրքիոյ , Վրաստանի, Թուքմենիսթանի, Աֆկանիսթանի, Հնդակասատնի քաղաքական իշխանութիւններուն։

Ւտալիոյ հանրապետութեան նախագահին՝ Տիար Սերճօ Մաթթարելլայի յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետը ապահովեցուց իր աղօթքը Իտալիոյ ժողովուրդին համար, որպէսզի անոնք կարենան ապագային վստահութեամբ ու յոյսով նայիլ,  կառուցելով հասարակաց բարիքը,  յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով կարիքաւոր բովանդակ քաղաքացիներուն։ 

«Մինչ՝ կը թողում Հռոմ քաղաքը՝ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր երթալու համար Մայանմար եւ Պանկալտեշ՝, քաջալերելու  համար այդ երկիրներու փոքրիկ  սակայն՝ եռանդուն կաթողիկէ հասարակութիւնները, ինծի հաճելի կը  թուի ձեզի փոխանցելու իմ յարգարաժան ողջոյնս Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ։ Ան ապա միւս երկիրներուն ուղղած պատգամներուն մէջ անոնց եւս ապահովեցուցած է  իր աղօթքները մաղթելով  խաղաղութիւն ու հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.