2017-11-27 08:51:00

Գիտնականները կը նախատեսեն հզօր երկրաշարժերու աճ 2018-ին:


2018-ին երկրի վրայ կրնայ զգալիօրէն աւելնալ աւերիչ երկրաշարժներուն թիւը: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են գիտնականները` բացատրելով, որ Երկիրի շրջանի արագութեան փոփոխութիւնը ուժեղ երկրաշարժային շարժումներ կը յառաջացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Պոլտըր Քոլորատօ համալսարանէն երկրաբնագէտ Ռաճըր Պիլհամ եւ Միսուլայի մէջ Մոնթանա համալսարանէն Ռեպեքա Պենտիք ուսումնասիրած են 1900 թուականէն ի վեր 7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժներու վիճակագրութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ երկրաշարժները աւելի յաճախակի տեղի կ՛ունենան, եթէ երկրագունդի առանցքին շուրջ իր շրջանի արագութիւնը քիչ մը կը նուազի:

Գիտնականները «Ճէոֆիզիքըլ Ռիսըրչ Լեթըրզ» ամսագիրին մէջ հրապարակուած իրենց եզրակացութիւնները ներկայացուցած են Ամերիկեան երկրաբանական հասարակութեան տարեկան խորհրդաժողովին:

20-րդ դարուն յայտնաբերուած է այդպիսի հինգ ժամանակահատուած, երբ երկրաշարժներու թիւը զգալիօրէն գերազանցած է միջին թիւը:

«Այդ ժամանակահատուածներուն մէջ տարեկան 25-30 հզօր երկրաշարժ տեղի կ՛ունենար, մնացեալ ժամանակահատուածին` շուրջ 15 մեծ երկրաշարժ», ըսած են գիտնականները:








All the contents on this site are copyrighted ©.