2017-11-26 12:25:00

Մարեմեան աղօթքին ընթացքին Սրբազան Հայրը յիշեց Եգիպտոսը ու խնդրեց իրեն ընկերանալ աղօթքով։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 նոյեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն (Մատթ. 25, 31) ուր Յիսուս կը խօսի վերջին դատաստանի մասին։

Այսօր կը յիշատակենք Քրիստոս Թագաւորի ծիսական տօնը. ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Անոր առաջնորդի եւ ծառայութեան թագաւորութիւնը ու թագաւորութիւնը որ ժամանակներու լրումին պիտի յայտնուի որպէս դատաստան - աւելցուց Ան ակնարկելով օրուան աւետարանական հատուածին որ «մեզի կը ներկայացնէ վերջին դատաստանը, երբ Մարդու Որդին պիտի գայ իր փառքով եւ բոլոր հրեշտակներով ու պիտի նստի փառքի աթոռին վրայ ու բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին Անոր առջեւ։ Ան զանոնք պիտի զատէ իրարմէ ինչպէս Հովիւը կը զատէ ոչխարները այծերէն։ Ոչխարները պիտի կեցնէ իր աջ կողմը իսկ այծերը ձախ կողմը։ Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ իր աջ կողմը կանգնածներուն. «եկէք իմ հօրս օրհնեալները, ժառանգեցէք արքայութիւնը որ ձեզի համար պատրաստուած է աշխարհիս սկիզբէն։ Որովհետեւ ես անօթեցած էի եւ ինծի ուտելիք տուիք, ծարաւեցայ եւ ինծի ջուր տուիք, օտար էի եւ զիս հիւրընկալեցիք, մերկ էի եւ հագուստ տուիք ինծի, հիւանդ էի եւ այցելութեան եկաք ինծի, բանտն էի եւ եկաք տեսնելու զիս։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.