2017-11-26 10:39:00

«Մայնամարն ու Պանկլատէշը խաղաղութեան սերմի փոքրիկ եկեղեցիներ են» Կարդինալ Փարոլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին Մայանմար եւ Պանկլատէշ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, արտայայտուելով վերոյիշեալ ճամբորդութեան մասին հաստատեց թէ այդ երկու երկիրներու եկեղեցիները խաղաղութեան սերմի եկեղեցիներ են։ Արդարեւ ըլլայ Մայանմարի մէջ ըլլայ Պանկլատէշի մէջ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն ու Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը ունի յատուկ նշանակութիւն այդ հերաւոր ու «արուարձանեային» եկեղեցիներու հասարակութիւններուն համար։ Մայանմարի պարագային երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը հետեւի Պուտտայական կրօնին մինչ Պանկլատէշի մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահմետական են։

«Քահանայապետը պիտի քաջալերէ փոքրամասնութիւն կազմող քրիստոնեայ հասարակութիւնները ու զանոնք պիտի վերահաստատէ իրենց հաւատքին մէջ, խրախուսելով զանոնք ըլլալ խաղաղութեան ներկայութիւն մը՝ հաշտութեան ու զօրակցութեան ներկայութիւն ընկերութեան մէջ, այնպէս որ համարուին լիիրաւ քաղաքացիներ ու իրենց սատարը տան երկրին քաղաքացիական ու խաղաղ զարգացումին, գործելով ի նպաստ հասարակաց բարիքին» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ուր ապա ընդգծեց ճամբորդութեան առանցքը կազմող միջկրօնական երկրախօսութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տագնապալից հարցերը լուծելու համար խաղաղ բանակցութիւններու հարկաւորութիւնը, հաստատելով թէ Նորին Սրբութիւնը միշտ կոչ ուղղած է երկխօսութեամբ լուծելու հարցերը այն համոզումով թէ «խաղաղութեամբ ոչ մի բան կը կորսուի մինչ պատերազմը միայն աւէր ու քանդում կը յառաջացնէ»։

Կարդինալ Փարոլին մատնանշեց ապա երկու երկիրներուն մէջ ապրող գաղթականներուն եւ գաղթականութեան համընդհանուր իրողութեան հայող հարցերուն, հիւրընկալութիւն, բժշկական ծառայութեան երաշխաւորում, մարդասիրական օժանդակութիւններ…եւայլն վերակոչելով Սրբազան Քահանայապետին այս ուղղութեամբ ուղղած կոչերն ու հրաւէրները ըլլայ պետութիւններուն ըլլայ միջազգային հասարակութեան։

Կարդինալ Փարոլին ապա ակնարկեց կենսոլորտի պահպանումի մասին «գովեալ ըլլաս» Քահանայապետի շրջաբերականին ու զրոյցին աւարտին շեշտը դրաւ  կրօններու պատասխանատուութեան ու անոնց դերակատարութեան վրայ, խաղաղութեան կառուցումի գծով՝ ինչպէս նաեւ ժողովուրդներոււ միջեւ խաղաղ համակեցութեան, հաշտութեան ու զարգացումի ուղղութեամբ, հաստատելով թէ «եթէ կրօնները իրարու միանան ու միասին աշխատին այդ ամէնը կարելի կը դառնայ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.