2017-11-25 10:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աշխատանքը վաճառանիւթ չէ. պէտք է ծառայէ մարդուն»


(Ռատիօ Վատիկան) «Աշխատանքը պէտք է ձեւակերպուի իսկական կայուն զարգացումի մը հիման վրայ»  որ ազդեցութիւն  ունենայ «բոլոր ազգերու միջազգային զօրակցութեան վրայ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին արտայայտած գաղափարներէն մին, Կարդինալ Փիթէր Ափփիա Թուրքսոնի յղած իր նամակին  մէջ, Մարդկային համապարփակ զարգացումի վատիկանեան ծառայութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին առթիւ, որ նուիրուած էր Պօղոս Զ. Քահանայապետի «Populorum Progressio» եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի «Laudato Si» աշխատանքի ու կենսոլորտի նուիրուած երկու շրջաբերականներու 50 տարուան միջոցին։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աշխատանքի միջոցաւ հետեւիլ Յիսուսի հետքերուն որ իր կեանքի մեծ մասը ապրեցաւ նուիրուելով ատաղձագործութեան։ «Ամէն մէկ աշխատաւոր ձեռքն է Քրիստոսի որ կը շարունակէ ստեղծագործել ու բարիք ընել» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ աշխատանքը վաճառանիւթ մը չէ, այլ մարդու եւ ընկերութեան զարգացումին բանալին է ու թէ այս ուղղութեամբ հրամայական է պաշտպանել աշխատանքը ու նորանոր աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել, ի միտ ունենալով նաեւ թէ մարդը միայն աշխատանք չէ՝ այլեւ ունի այլ կարիքներ՝ ընտանիք, բարեկամներ ու հանգիստ։ Ուստի աշխատանքը ծառայելու է մարդուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա զգուշացուց  աշխատանքը օգտագործելէ քիչերու շահերուն համար, անտեսելով կենսոլորտը, ու հրաւիրեց կապ հաստատել աշխատանքի, տունի ու հողի միջեւ, իսկական տնտեսական աճումին ի նպաստ, որովհետեւ, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր վտանգի ենթարկուած է բոլորին աշխատանքի արժանապատուութիւնը, ապա հրաւէր ուղղեց մասնաւորապէս մտիկ ընելու արուարձաններէն բխող ձայներուն՝ երկխօսութեան ճանապարհով նորոգելով բոլոր ազգերու միջեւ համընդհանուր զօրակցութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ աշխատանքի աշխարհի շարժումներն ու միութիւնները խրախուսեց  գործել ի նպաստ մարդկային համապարփակ ու զօրակից զարգացումին, զգուշանալով երեք փորձութիւններէ՝ պաշտպանել միայն սեփական շահերը, անտեսելով աղքատներն ու բացառուածները. Երկրորդ՝ կաշառակերութիւնը, որ ընկերային քաղցկեղ մըն է ապա անհատականութեան ու մսխումի փորձութիւնը, որուն պէտք է հակազդել համընդհանուր նոր զօրակցութեան հոգիով հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.