2017-11-25 08:45:00

Պրիւքսելի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործակցութեան համաձայնագիրը։


ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017ին, պրիւքսելի մէջ  ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան ու Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներու միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը:

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը սկսած է 2009ին` խթանելու տնտեսական համարկումի եւ եւրոպական արժէքներու տարածումը նախկին վեց խորհրդային հանրապետութիւններու` Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Պիելոռուսիոյ մէջ:

Նոր համաձայնագիրին մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք կրնան  շատ նպաստաւոր ըլլալ Հայաստանի համար: Հայաստան կը պարտաւորուի բարեփոխել իր հաստատութիւնները, քաղաքական համակարգը, աւելի ամրապնդել մարդու պաշտպանուածութիւնը, մարդու իրաւունքը: Եւ եթէ Հայաստան կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա կրնայ տնտեսական լուրջ աջակցութիւն ստանալ Եւրոպական Միութենէն, այսպէս կոչուած` «աւելին աւելիին» դիմաց: Այսինքն, եթէ Հայաստան կատարէ համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա Եւրոպական Միութիւնը կը պարտաւորուի աջակցիլ եւ նպաստել, որ ներդրումներ կատարուին Հայաստանի մէջ:

Համաձայնագիրին մէջ հետաքրքրական նորութիւն կայ փոքր եւ միջին գործառնութեանց համար` այսպէս կոչուած, վարկաւորում տեղական տարադրամով: Ասիկա կրնայ խթան հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Այսօրուան վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ կային որոշ չլուծուած խնդիրներ, յատկապէս` տագնապներու լուծման վերաբերեալ կէտը, որ  մինչեւ հիմա յստակացած չէ, այնտեղ չէ նշուած Լեռնային Ղարաբաղ եզրոյթը:

Շրջանին մէջ առկայ տագնապներու վերաբերեալ համաձայնագիրին մէջ  տեղ գտած է հետեւեալ ձեւակերպումը. «Վեհաժողովի մասնակիցները կոչ կ՛ուղղեն` աշխուժացնելու տագնապները լուծելու ջանքերը` հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ»:

«Տագնապներու լուծումը, վստահութեան կառուցումն ու լաւ դրացնութեան յարաբերութիւնները առանցքային են տնտեսական ու ընկերային զարգացման եւ համագործակցութեան համար», նշուած է Արեւելեան գործընկերութեան հռչակագիրի բնագիրին մէջ:

Համաձայնագիրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն ո՛չ միայն տնտեսական, քաղաքական, այլ նաեւ անվտանգութեան հարցերու մէջ: Ըստ էութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ անվտանգութեան հարցով  ամրագրուած պարտաւորութիւններ չկան, այդ իմաստով Հայաստան կրնայ Եւրոպական Միութեան հետ նման համաձայնութիւններ գոյացնել: Եւրոպական Միութեան պարտաւորութիւնները` օգնել Հայաստանին, նաեւ անվտանգութեան ծիրին մէջ, բաւական շահեկան պիտի ըլլայ  Հայաստանի համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.