(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ին, Արժանթինի Քորտոպա քաղաքին մէջ, երանելիներու շարքին կը դասուի Քոյր Քաթալինա Տէ Մարիա Ռոտրիկէզը՝ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոյի գխաւորած երանացման արաորղութեան ընթացքին։
Քոյր Մարիա ծնած է 1823ին, եղած է «Սիրտ Յիսուսի աղախիններու» միաբանութեան հիմնադրուհին ապա հոգին աւանդած է 1896-ին։
Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, անդրառնալով Քոյր Մարիայի մասին, յայտնեց թէ ան իր բոլոր կեանքին ընթացքին ՝ըլլայ որպէս կրօնաւորուհի , ըլլայ որպէս ամուսնացեալ, սփռած է իր առաքինութիւններու անուշահոտը, հեզութեան , բարութեան եւ քնքշութեան վերաբերմունքով։
Քոյր Քաթալինա եղած է զօրաւոր հաւատքի տէր, հաւատքը ապրելով աղօթքի , Սուրբ Պատարագի ամենօրեայ մասնակցութեամբ եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով։ Ան յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Տիրամօր հանդէպ ։
Քոյր Քաթաիլնայի եղբայրսիրութիւնը կը յայտնաբերուէր, մերձաւորին հանդէպ ցուցաբերած յատուկ սէրով, եւ ողորմածութեան շօշափելի գործերով։
Ան երբ Յիսուսին հանդիպեցաւ, տուաւ Անոր երկու պատասխան, առաջին ՝ դառնալ տիպար հարս, ապա ՝ որպէս այրի կին՝ իրականացուց իր երազը, հիմնեց «Սիրտ Յիսուսի աղախիններու միաբանութիւնը»՝ ամբողջութեամբ նուիրուելու համար Աստուծոյ։
Քոյր Քաթալինա , իր միաբանութեան հիմնադրուհին ըլլալով հանդերձ միաբանութեան մէջ , աւանդապահի՝ առաջին պաշտօնը վարած էր եւ ապրած է պատուհանէ զուրկ խցիկի մէջ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |