2017-11-24 13:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը կաթողիկէ եւ Ասորի եկեղեցիներու Աստուածաբանական խառն յանձնախումբի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, Ֆրանիչկսոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ  Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Աստուածաբանական խառն յանձնախումբի անդամները եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ յիշելով  անցեալ տարի  Կէվարկիս Գ Պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումը, զայն համարեց երկու եկեղեցիներու հաղորդութեան  ուղեւորութեան մէջ յաւելեալ քայլ ։ 

Ան  ապա անդրադարձ կատարեց երկու եկեղեցիներու միջեւ նոր ստորագրուած միասնական յայտարարութեան, որուն մէջ խաչի նշանը ներկայացուած է  որպէս ՝բոլոր խորհուրդներու մատակարարումի միութեան բացայայտ հոմանիշ,  դիտել տուաւ,  որ  արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ  հեղինակները խաչի նշանը  սուրբ խորհուրդներու մէջ ներմուծած են,  այն համոզմունքով , որ  իւրաքանչիւր խորհուրդի մատակարարումը  կախեալ է  Տիրոջ Սուրբ Զատկուայ մահունէ եւ Յարութենէ,  հաստատելով  որ  Խաչեալ Յարուցեալը  մեր կեանքին Փրկութիւնն  ու մեր կեանքն է եւ աւեցնելով որ Քրիստոսի  Փառաւորեալ խաչէն կը բխի յոյս եւ խաղաղութիւն,  ինչպէս նեաւ կը հոսի մատակարարուած   սուրբ  խորհուրդներու  միութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձ կատարեց ժամանակից աշխարհի հարցերուն,  դիտել տալով որ   Արեւելքի  Սսորի եկեղեցի նաեւ այլ եկեղեցիներու հետ միասին ենթարկուած են   հալածանքի տառապանքներուն,  եւ վկայ է  աղէտալի բռնութիւններուն՝ գործադրուած  ծայրայեղականներու կողմէ,   ընդգծելով որ    այսպիսի տաժանելի  տառապանքի կացութիւնները, դիւրապէս արմատ կը գտնեն  աղքատ, անարդար եւ ընկերային մեկուսացումի միջավայրերու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշեց  Իրաքի եւ Ւրանի  սահմանի միջեւ վերջերս արձագնարուած երկրաշարժը,  հակամարտութիւններու պատճառաւ այլ երկիրներու մէջ ապաստան գտած գաղթականները,  որոնց միջոցաւ    սփիւռքին թեմերուն մէջ աճ արձանագրած են հաւատացեալներու թիւը եւ այս կապակցութեամբ դիմագրաւելիք բազմաթիւ հարցերն ու դժուարութիւնները։

Այս բոլոր դժուարութիւնններու դիմաց ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը .  Սուրբ Խաչին նշանը մեզ կը յիշեցնէ,  թէ ողորմածութեան Տէրը երբեք չլքեր իր եղբայրները, այլ ընդհակառակը՝  մեր վէրքերը կ՝ընկալէ իր վէրքերուն մէջ։

Ֆրանչիսկսո Պապ եզրափակեց իր ճառը նշելով թէ  Ասորիներու  աւանդութեան մէջ Խաչեալ Քրիստոսը ներկայացուած է որպէս բարի բժիշկ եւ կեանքի դեղ։։  «Խնդրենք Տիրոջմէ որ ամբողջութեամբ դարմանէ  մեր անցեալի վէրքերը, եւ բուժէ այն բազմաթիւ վէրքերը, որոնք այսօրուան աշխարհին մէջ կը բացուին բռնութիւններուն եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ» յարեց Սրբազան Հայրը աւարտելով ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.