2017-11-24 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մեր եկեղեցիները թող ըլլան ծառայութեան եկեղեցիներ՝ ձրիութեան եկեղեցիներ»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Հսկողութիւն, ծառայութիւն, ձրիութիւն» երեք բառեր որոնք առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին։

Մեկնաբանելով օրուան աւետարանը՝ քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս տաճարէն կը վտարէ բոլոր անոնք որոնք կը սրբապղծէին այդ վայրը,  Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «Աստուծոյ տաճարը մաքուր պահելը կը պահանջէ հսկողութիւն, ծառայութիւն եւ ձրիութիւն»։ Ան ապա նշեց թէ Աստուծոյ ամենակարեւոր տաճարը մեր սիրտն է, ուր կ՛ապրի Սուրբ Հոգին ու թէ ասոր համար պէտք է հսկենք ու այնպէս ընենք որ ան ըլլայ միայն Սուրբ Հոգւոյն բնակարանը, զայն մաքուր պահենք ու միշտ ուշադիր ըլլանք թէ ի՞նչ կը պատահի այնտեղ։

«Յիսուս ապա ներկայ է հիւանդներու, տառապողներուն, անօթիներուն ու բանտարկեալներուն մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ծառայութեան միջոցաւ մօտիկ ըլլալ անոնց՝ հետեւելով Յիսուսի օրինակին, իսկ երրորդ վերաբերմունքը՝ ձրիութիւն է, հաստատեց Սրբազան Պապը, զգուշացնելով եկեղեցական կառոյցները  «շահոյթի» փնտռտուքէն, թէեւ նկատել տուաւ Ան, կառոյցները կարիքը ունին դրամին, սակայն երբ մենք «ձրիութիւն»  կը նուիրենք ՝Աստուած կը հոգայ մնացածին։ Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց յանձնարարելով «մեր եկեղեցիները թող ըլլան ծառայութեան եկեղեցիներ՝ ձրիութեան եկեղեցիներ»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.