2017-11-24 12:06:00

Խաղաղութեան պատգամը. «Գաղթականներ եւ փախստականներ. Խաղաղութիւն փնտռող մարդիկ եւ կիներ»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Գաղթականներ եւ փախստականներ. Խաղաղութիւն փնտռող մարդիկ եւ կիներ»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2018 տարուայ խաղաղութեան միջազգային օրուան պատգամի բնաբանը որ լոյս տեսաւ ուրբաթ՝ 24 նոյեմբեր 2017-ին եւ որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ։

Պատգամը կը սկսի խաղաղութեան մաղթանքով մը, ուր Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. «Խաղաղութիւն բոլոր մարդոց եւ երկրի բոլոր ազգերուն։ Խաղաղութիւնը որ հրեշտակները կ՛աւետեն հովիւներուն Ծնունդի գիշերը՝ խոր ձգտումն է բոլոր մարդոց ու համայն ազգերուն ու յատկապէս անոնց որոնք աւելիով կը տառապին անոր պակասէն։ Իմ մտքիս եւ աղօթքներուս մէջ գտնուող անոնց շարքին, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշել՝  աշխարհի 250 միլիոն գաղթականները, որոնցմէ 22  միլիոնն ու կէսը փախստականներ են եւ որոնց մասին իմ սիրելի նախորդս Պենետիկտոս ԺԶ-ը ըսած էր «մարդիկ, կիներ, մանուկներ, երիտասարդներ ու ծերեր որոնք կը փնտռեն վայր մը՝ ուր կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ»։ «Ու այդ վայրը գտնելու համար շատեր պատրաստակամ են իրենց կեանքը վտանգելու»  կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով ողորմութեան հոգիով ողջագուրելու բոլոր անոնք որոնք կը փախչին պատերազմէն, անօթութենէն ու ստիպուած են թողուլ իրենց հողերը՝ հարստահարումի, հալածանքի, աղքատութեան ու կենսոլորտի ապականութեան պատճառաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել կու տայ թէ բաւարար չէ  մեր ստերը բանալ ուրիշի տառապանքին ու թէ շատ բան կայ ընելիք՝ նախ քան մեր այդ եղբայրներն ու քոյրերը կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ, ապահով տունի մը մէջ, ու թէ ուրիշը ընկալելը կը պահանջէ շօշափելի յանձնառում՝ օգնութիւններու ցանց մը, հսկող ու հասկացող ուշադրութիւն, պատասխանատու մատակարարում, ինչպէս նաեւ կենսամիջոցներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ հուսկ այս առընչութեամբ կառավարիչներու պատասխանատուութեան ապա կ՛ընդգծէ գաղթականութեան ու փախստականութեան երեւոյթի պատճառները՝ սկսեալ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններէն, պատերազմներէն ու բռնութիւններէն մինչեւ մերօրեայ հակամարտութիւններն ու բռնարար արարքները որոնք կը շարունակեն տեղափոխել ժողովուրդները, որոնց փափաքն է աւելի լաւ կեանք ու ապագայ մը ապրիլ։ «Անոնցմէ շատեր, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, գաղթականութեան կը դիմեն օրինաւոր ճամբաներով, սակայն շատ մը ուրիշներ յուսալքումի մատնուած կ՛ընտրեն այլ ճամբաներ» ու կը մատնանշէ  գաղթականութեան երեւոյթի ժխտական հետեւանքներուն, գաղթականներու շահագործումներուն ու անոնց մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնակոխող իրադարձութիւններուն։ 

«Ոմանք այս իրողութիւնը կը նկատեն որպէս սպառնալիք, մինչ ես ձեզ կը հրաւիրեմ անոր նայիլ յոյսով լի հայեացքով մը, որպէս հնարաւորութիւն կառուցելու համար խաղաղութեան ապագայ մը»  կը գրէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ հաստատելով թէ գաղթականներ ու զիրենք հիւրընկալող տեղացի քաղաքացիներ մաս կը կազմեն միեւնոյն ու միակ մարդկային ընտանիքին ու բոլորը ունին միեւնոյն իրաւունքը՝ երկրին բարիքները օգտագործելու։ Ու կը հաստատէ թէ «խաղաղութիւնը ըլլալու է ուղեցոյցը, մինչ արդարութիւնը սկզբունք՝ որ կը կառավարէ համակեցութիւնը»։

Հաւատքի աչքերով գաղթականներուն նայելով պէտք է հասկնանք թէ անոնք պարապ ձեռքերով չեն գար մեր մօտ, այլ իրենց հետ կը բերեն քաջութիւն, կարողութիւն, եռանդ ու ձգտում, ինչպէս նաեւ իրենց մշակոյթներուն գանձերը, հարստացնելով զիրենք հիւրընկալող ազգերը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա շեշտը դրաւ չորս կարեւոր կէտերու վրայ ՝ ընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ներառել, հաստատելով թէ՝ ընկալելը կը պահանջէ օրինաւոր մուտքերու կարելիութիւնը ու հաւասարակշռում ընդմէջ ազգային ապահովութեան ու մարդու հիմնական իրաւունքներու երաշխաւորումին, մինչ պաշտպանել կը յիշեցնէ պարտականութիւնը պաշտպանելու փախստականներու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը ու զանոնք ազատել չարաշահումներուն. ապա զարգացումն ու խթանումը կը մղեն թիկունք կանգնելու գաղթականներուն ու փախստականներուն մարդկային համապարփակ զարգացումին։ Իսկ ներառումը կը նշանակէ թոյլ տալ գաղթականներուն ու փախստականներուն լիակատար կերպով մասնակցիլ զիրենք ընկալող ընկերութեան կեանքին։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ակնարկէ 2018 տարուայ ընթացքին  Միացեալ Ազգերու  կողմէ ստորագրուելիք երկու կարեւոր համաձայնութիւններու՝ հայող ապահով գաղթականութեան ու փախստականներուն ապա կը մատնանշէ այս ուղղութեամբ Մարդու Համապարփակ զարգացումի վատիկանեան ծառայութեան՝ գաղթականներու ու փախստականներու մասնաճիւղին, 20 կէտերու մէջ ամփոփած գաղթականներու հայող հարցերու լուծման գծով առաջարկներուն ու  կը մէջբերէ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը «Եթէ խաղաղ աշխարհի մը «երազը» բաժնեկցուած ըլլայ շատերէն, եթէ կ՛արժեւորուին գաղթականներու ու փախստականներու ներդրումը, մարդկութիւնը կարող է միշտ աւելիով դառնալ բոլորին ընտանիք ու մեր աշխարհը իսկական հասարակաց տուն»։

Շատեր կը գրէ Նորին Սրութիւնը հաւատացին այդ երազին ու գործեցին անոր ի նպաստ, անոնց շարքին էր Սրբուհի Ֆրանչեսքա Սավերիօ Քապրինին որուն մահուան հարիւր ամեակը նշուեցաւ 2017-ի՝ 13 նոյեմբերին եւ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց գաղթականներուն, դառնալով ապա անոնց պահապան սուրբը։  Թող որ Տէրը՝ Անոր բարեխօսութեամբ,  մեզի բոլորիս պարգեւէ շնորհքը փորձարկելու այն իրողութիւնը թէ «անոնց համար որոնք խաղաղութեան գործեր կը կատարեն, արդարութեան պտուղ մը կը սերմանուի խաղաղութեան մէջ»։ 

Տուեալ ի վատիկան 13 նոյեմբեր 2017-ին՝ Գաղթականներու պաշտպան սրբուհի  Սրբուհի Ֆրանչեսքա Սավերիօ Քապրինիի ծիսական տօնին օրը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.